By Asbarez | Saturday, 19 December 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - 17 Դեկտեմբերի գիշերը բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ տակաւին անյայտ պայմաններու մէջ մահացած զինուոր Գոռ Օհանեան Արարատի մարզի Փոքր Վեդի գիւղէն է, կոչումով՝ աւագ յիսնապետ: Ան աւարտած է Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկը եւ 4 տարիէ ի վեր կը ծառայէ բանակին մէջ։
18 Դեկտեմբերին <<Նիուզ>>ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Փոքր Վեդի գիւղի գիւղապետ Նորիկ Մարտիրոսեան: Ան նշած է, որ Գոռը ընտանիքին աւագ որդին էր, ունի փոքր քոյր եւ եղբայր, մայրը մանկավարժ էր, իսկ հայրը հողագործութեամբ կը զբաղի:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ