Սարգսեան Եւ Կիւլ Կը Քննարկեն Ընթացակարգային Հարցեր

By Asbarez | Thursday, 15 October 2009

ՊՈՒՐՍԱ.- Ցեղասպանութենէն առաջ իննսուն հազար հայ բնակիչ ունեցած Պուրսա քաղաքի <<Ալմիրա>> հիւրանոցին մէջ, երէկ երեկոյեան կայացաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը՝ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ անոր խորհրդականներուն հետ:

Նախագահ Սարգսեան իր ինքնաթիռով Պուրսայի օդակայան ժամանած էր Չորեքշաբթի օր, տեղական ժամով կէսօրէ ետք ժամը 4:40ին: Նախագահին կ՛ընկերանային արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, փոխնախարարներ Արմանտ Կիրակոսեան եւ Շաւարշ Քոչարեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վիգէն Սարգսեան եւ բազմաթիւ լրագրողներ:

Նախքան պաշտօնական հանդիպումը, նախագահ Սարգսեան այցելած է Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի մարզիկներուն, անոնց իջեւանած պանդոկին մէջ:

Դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւր մը <<Արմէնփրէս>>ի թղթակիցին փոխանցած է, թէ հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը ողջունած են Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի՝ անցեալ տարուան Սեպտեմբերին՝ Երեւան, եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկ Պուրսա կատարած այցելութիւնները: Նշուած է, որ երկու երկիրներուն առաջնորդները իրենց քայլերով լաւ օրինակ կ՛ըլլան նաեւ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն համար: Կողմերը վերլուծած են անցեալ տարուան հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած զարգացումները. նաեւ նշուած է, որ այդ ընթացքին արձանագրուած է մեծ յառաջխաղացում, որուն իբրեւ արդիւնք կան արդէն ստորագրուած երկկողմանի փաստաթուղթեր, որոնց հիման վրայ <<պէտք է շարունակել>> հետագայ գործողութիւնները:

Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի, կողմերը նշած են, որ գործընթացը դիւրին չէ եւ տակաւին շատ հարցեր կան լուծելու: Անոնք նկատած են, որ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ոչ միայն երկու երկիրներու ժողովուրդներուն, այլեւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւած են:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ ընթացակարգային հարցեր. յատկապէս, թրքական կողմը տեղեկացուցած է, թէ արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը սկսած է. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու կատարած է ընթացակարգային առաջին անհրաժեշտ քայլը եւ Հոկտեմբեր 21ին Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ գործընթացին:

Պուրսայի մէջ Թուրքիոյ նախագահը ճաշկերոյթ տուած է ի պատիւ Հայաստանի նախագահին: Երկու երկիրներու նախագահները ունեցած են առանձնազրոյց: Նախագահ Սարգսեան ֆութպոլի խաղի աւարտին վերադարձած է Երեւան:

Նշենք, որ ֆութպոլի մրցումը մարզական որեւէ խանդավառութիւն չէր յառաջացուցած: Դաշտը լեցնելու դժուարութիւն ունեցող պատասխանատուները վերջին օրերուն ձրի տոմսակներ առաջարկած էին բնակչութեան: 18,000 հանդիսատես ընդունելու յարմարութիւն ունեցող մարզադաշտի ապահովութեան կը հսկէին շուրջ երեք հազար ոստիկաններ եւ գաղտնի ոստիկաններ: Մարզադաշտէն ներս արտօնուած էին միայն հայկական եւ թրքական դրօշակները:

Նշենք, որ ֆութպոլի խաղը աւարտեցաւ թրքական խումբի յաղթանակով՝ 2-0:

Քաղաքական խաղը ի սկզբանէ յաղթանակ մըն էր Թուրքիոյ համար:

comments