Սէյրան Օհանեան Արցախի մէջ ծանօթացած է սահմանագիծին վրայ տիրող կացութեան

By Asbarez | Saturday, 13 February 2016

0213seyran

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական գերատեսչութիւններու փոխհամագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագիրի ծիրին մէջ 11 Փետրուարին Արցախ այցելած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի ընկերակցութեամբ, այցելած է բանակային բնագիծի քանի մը հատուածներ եւ ծանօթացած հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին մէջ տիրող իրավիճակին:

Այցելութեան ընթացքին նախարար Օհանեանին ներկայացուած է սահմանագիծի պաշտպանական համակարգի ամրապնդման ծառայող գործողութիւններու ընդհանուր վիճակը, ներդրուած մարտավարական ու թեքնիք նորարարութիւնները: Զօրամասերէն մէկուն մէջ երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները անձնակազմին հետ նախաճաշած են եւ զրուցած զինուորներուն հետ։ Հարուածային զօրամիաւորումներէն մէկուն մէջ անոնք ծանօթացած են զօրքերու մարտական պատրաստութեան գործընթացին, հետեւած մօտահրաձգային ստորաբաժանումներուն կողմէ կատարուող հետեւակի մարտական մեքենաներու գործնական հրաձգութեան վարժութիւններուն:

 


comments