Յարգանքի տուրք՝ Արթուր Մկրտչեանի 57ամեակին առիթով

By Asbarez | Wednesday, 17 February 2016

 

0217arthurmegerdchian

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Ապառաժ>> -  Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի 57ամեակին առիթով 16 Փետրուարին Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ անոր շիրմը այցելած եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, պատգամաւորներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ, ՀՕՄականներ, Արթուր Մկրտչեանի ընտանիքը եւ հարազատները:

Արթուր Մկրտչեան տակաւին 32 տարեկան էր, երբ ընտրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, եւ 33 տարեկան, երբ աւարտին հասաւ անոր կարճ, բայց պայծառ ու նուիրական կեանքի ուղին։ Ուղի մը, որ իր անջնջելի դրոշմը դրած է Արցախի պատմութեան մէջ: Անոր դէմ արձակուած կրակոցին պատճառը կարելի չեղաւ ճշդել, իսկ զայն սպաննած գնդակը չգտնուեցաւ:

Արթուր Մկրտչեան ղեկավարած է ընդամէնը 97 օր, բայց անոր անձը, կեանքի ուղին եւ ճակատագիրը այնքան միահիւսուած եղած են հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան հետ, որ այդ 97 օրերուն ընդմէջէն անոր անունը յաւերժօրէն արձանագրուած է ժողովուրդին յիշողութեան մէջ: Անոր գործունէութեան շրջանը՝ 12 Փետրուար 1988ի Հադրութի հանրահաւաքէն մինչեւ նախագահ ընտրուիլը, եղած է սրընթաց ու զարմանք յարուցող:

Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Արթուր Մկրտչեան չէ ընդունուած Հայաստանի այն ժամանակներու իշխանութիւններուն կողմէ, իսկ ասոր անհերքելի փաստը այն է, որ Մկրտչեանի ընտրուելէն ետք քանի մը օր Հայաստան  Ղարաբաղը զրկած է ամէն տեսակ օգնութենէ։

Բոլոր այն անձերը, որոնք բախտը ունեցած են գէթ անգամ մը կապ հաստատելու Արթուր Մկրտչեանի հետ, ակնածանքով կը խօսին անոր մասին: Ա. Մկրտչեանի մասին յուզումով կը խօսի անոր ժամանակակիցը՝ Գագիկ Աւանեսեանը։ Անոնք ծանօթացած են, երբ դեռ նոր սկսած էր Արցախեան շարժումը, երկար ուղի անցած են միասին՝ հայկական պատկերասփիւռի կայան ունենալու համար ստորագրահաւաքէն մինչեւ փետրուարեան ցոյցեր եւ պատերազմ:

«Այսօրուայ պէս յիշում եմ Փետրուարի 12ի Հադրութի ցոյցը, որը, ըստ էութեան, Արցախեան շարժման սկիզբն էր ազդանշում: Ցոյցի ժամանակ, երբ ելոյթ ունեցաւ Արթուր Մկրտչեանը, բոլորը քարացած լսում էին: Հաւաքուած գիւղացի, մշակ թէ մտաւորական՝ բոլորին հասանելի էր նրա խօսքը: Դա նրա իւրայատկութիւններից մէկն էր՝ խօսել այնպէս, որ բոլորի սրտի թելերին կպչի, միասնութիւն սերմանի՝ վստահեցնելով, որ դա է մեր ազգի գոյատեւման միակ երաշխիքը», ըսած է Գագիկ Աւանեսեան:

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան Արթուր Մկրտչեանի գաղափարական եւ կուսակցական ընկերը ըլլալէ բացի, եղած է անոր մտերիմը, անոնք նոյն մասնագիտութեան հետեւած էին: Վահրամ Բալայեան համոզուած է, որ եթէ չըլլար ազգային-ազատագրական շարժումը, անոնք կը համագործակցէին գիտութեան ասպարէզին մէջ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսօր արդեօք իրականացա՞ծ են Արթուր Մկրտչեանի իղձերը՝ Վ. Բալայեան ըսած է. «Ըստ էութեան, մեր ժողովուրդը նիւթականացրեց այն տեսլականը, որ ունէր Արթուր Մկրտչեանը: Ունենք ազատ, անկախ հայրենիք, սակայն դեռ ճանապարհ ունենք անցնելու, երկիրը տնտեսապէս զարգացնելու, քաղաքական համակարգը կատարելագործելու: Կարծում եմ՝ հիմա ճիշդ ուղու վրայ ենք: Նա քաղաքական դաշտ բերեց նոր մշակոյթ՝ ազնուութիւն, մարդասիրութիւն, նուիրուածութիւն, այն ամէնը, ինչը մեզ համար ուղենիշ պէտք է լինի մեր երկիրը զարգացնելու, հզօրացնելու համար»:

comments