By Asbarez | Saturday, 19 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ - Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան վայրին մէջ, զէնքի օգտագործման կանոններու խախտման իբրեւ հետեւանք մահացած է 19ամեայ ժամկէտային զինուորական ծառայող Յովհաննէս Յարութիւնեան։ Ան ծնունդով Արմաւիրի մարզի Արեւիկ գիւղէն էր, երկու քոյր եւ մէկ եղբայր ունի: Ընտանիքը տարիներ առաջ Արեւիկէն փոխադրուած է Աշտարակ: Ներկայիս ընտանիքի անդամները քաղաքի Մուղնի թաղամասին մէջ տնակի մը մէջ կ՛ապրին։
<<Խելօք, աշխատող մարդիկ են: Տուն չունեն, մեծահարուստի պատկանող, անասնագոմեր ու թռչնանոց կայ, այդտեղ են աշխատում, նոյն տարածքում էլ տնակում ապրում են>>, <<Նիուզ>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ծանօթներէն մէկը՝ նշելով, որ Յովհաննէսին ընտանիքը տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ կ՛ապրի։
Դէպքին մանրամասնութիւնները ճշդելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ