Ղարաբաղեան Սահմանին Վրայ Զգուշաւոր Հանդարտութիւն Կը Տիրէ

By Ասպարեզ | Wednesday, 06 April 2016

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեան յայտնած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ 5 Ապրիլին՝ ժամը 12։00էն (Ստեփանակերտի ժամանակացոյցով) յարաբերական խաղաղութիւն կը տիրէ։ Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ զինադադարը փոխհամաձայնեցուա՞ծ է՝ Հասրաթեան ըսած է, որ կը գործադրեն ղեկավարութեան՝ կրակը միակողմանի դադրեցնելու հրամանը:

«Արցախեան բանակը համապատասխան գործողութիւններով խեղճացրել է հակառակորդի ակտիւութիւնը՝ վերադարձնելով կորցրած դիրքերը», իր հերթին գրած է «Արցախփրէս»:

Աւելի ուշ Ազգային ժողովի փակ քննարկման ներկայացած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան լրագրողներուն հետ զրուցած ատեն նշած է, որ՝ «հրադադարի ռեժիմ սահմանուած չէ, կան պայմանաւորուածութիւններ դրան հասնելու համար»: Ան դիտել տուած է, որ այդ պահուն որոշ վայրերու ուղղութեամբ կրակոցներ կան։

Իսկ Razm.info-ն իր Դիմատետրի էջին վրայ գրած է, որ պատասխանելով իրենց այն հարցումին, թէ հակառակորդը արդեօք վերսկսա՞ծ է կրակոցները Մատաղիսի ուղղութեամբ՝ Սենոր Հասրաթեան ըսած է. «Այո՛, որոշ հատուածներում հակառակորդը խախտել է պայմանաւորուածութիւնն ու վերսկսել է կրակոցները, սակայն ոչ նախկին ինտենսիւութեամբ»:

Ըստ անոր՝ պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները պատասխան քայլերու չեն ձեռնարկած՝ հաւատարիմ մնալով զինադադարի պայմանաւորուածութեան:


comments