Բակօ Սահակեան ընդունած Է ՀՅԴի պատուիրակութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 06 April 2016

0407pako-arf

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 6 Ապրիլին ընդունած է ՀՅԴի պատուիրակութիւնը՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեանի գլխաւորութեամբ:

Պատուիրակութեան մաս կազմած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ Ազգային Ժողովի Դաշնակցութեան խմբակցութեան անդամներ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր:

Յատուկ կերպով շեշտը դրուած է ղարաբաղեան¬ատրպէյճանական սահմանին վրայ 1-4 Ապրիլին հակառակորդին կողմէ սանձազերծուած պատերազմական լայնածիր գործողութիւններուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք տիրող կացութեան վրայ։

Նախագահ Սահակեան նշած է« որ օրհասական պահուն ողջ հայ ժողովուրդը ցուցաբերած է օրինակելի միասնականութիւն՝ այս առումով կարեւոր նկատելով նաեւ քաղաքական ուժերուն դերակատարութիւնը:

Հանդիպման ներկայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեանը եւ այլ պաշտօնատարներ։

comments