<<Քանի դեռ կարողանում ենք մեր սահմանները պաշտպանել, խաղաղապահների անհրաժեշտութիւնը չկայ». Ա. Ռուստամեան

By Asbarez | Saturday, 09 April 2016

0409armenrustamian

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 8 Ապրիլին խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան խօսեցաւ ստեղծուած ռազմա-քաղաքական իրավիճակին մասին՝ յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով այն, որ լարուած վիճակը արդեօք կրնա՞յ պատճառ դառնալ լայնածիր պատերազմի, բան մը, որուն կարելիութիւնը չէր բացառած Հայաստանի նախագահը՝ Ռուսիոյ վարչապետ Մետվետեւի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։

Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ մեր ժողովուրդը միշտ ալ նկատի պէտք է ունենայ լայնածիր պատերազմի հաւանականութիւնը՝ աւելցնելով, որ թէեւ Ատրպէյճան տակաւին կը փորձէ լուրջ հակահարուածէն ուշքի գալ, սակայն մենք պէտք է գիտնանք, որ ունինք թշնամի մը, որուն տեսակը չի փոխուիր:

<<Պէտք է պատրաստ լինենք Ադրբեջանի կողմից նոր արկածախնդրութեան. այդ իմաստով է կատարուել նախագահի յայտարարութիւնը, որ հակառակորդի կողմից մենք տեսնում ենք լայնամասշտաբ պատերազմ հրահրելու հաւանականութիւն: Ադրբեջանի գործողութիւնները ոչ մի կերպ չեն տեղաւորւում միջազգային նորմերի, չափանիշների մէջ: Ադրբեջանը հրաժարւում է առաջնորդուել միջազգային չափանիշների համապատասխան համակեցութեան նորմերով, իսկ նման երկրից ամէն ինչ սպասելի է>>, նշած է Արմէն Ռուստամեան:

Պատգամաւորին կարծիքով, Հայաստան պէտք է միշտ զգօն ըլլայ, եւ այն իրողութիւնը, որ հայկական կողմը կրցած է տապալել Ատրպէյճանի կայծակնային պատերազմը, կը խօսի այն մասին, որ հայկական կողմը պատրաստ էր որեւէ զարգացման: Առաջին յաջողութիւնը ապահոված են ու հարուածը իրենց վրայ վերցուցած հայ զինուորները, աւելի՛ն՝ հայկական կողմին հակահարուածը հակառակորդը ապշեցուցած է:

<<Ալիեւը փորձել է կրկնել այն, ինչ ժամանակին արել է Հիտլերը: Ալիեւին յաջողուեց նմանուել Ադոլֆ Հիտլերին այն առումով, որ Հիտլերն էլ էր ֆաշիստ, ու Ալիեւն էլ կ՛ունենայ այն վախճանը, ինչ վախճան ունեցաւ Հիտլերը>>, ըսած է Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ ֆաշական Ատրպէյճանը իր ձեռագիրը չի փոխեր: <<Եւ նման հակառակորդ ունենալու պարագայում միշտ պէտք է աչքի տակ ունենալ լայնամասշտաբ պատերազմի վտանգը>>, նշած է ան։

Ռուստամեան տեղեկացուցած է, որ նոր վերադարձած է Արցախէն, ուր յարաբերական անդորր կը տիրէ, սակայն յարձակումները կրնան կրկնուիլ, եւ ատոր պէտք է պատրաստ ըլլալ: Անոր համաձայն՝ սահմանագիծին վրայ հիմա արդէն շատ համադրուած ու կազմակերպուած աշխատանք կը տարուի։

ՀՅԴի պատգամաւորները հանդիպում ունեցած են Արցախի նախագահին եւ Ազգային ժողովի նախագահին հետ, մանրակրկիտ կերպով վերլուծելով նախորդ օրերու իրավիճակը:

<<Վստահ եմ, որ հիմա աւելի պատրաստուած ենք ու միահամուռ: Որքան էլ փորձեն իրենց աւանտիւրիստական մեթոդները կիրառել, միեւնոյն է, նոյն ճակատագրին են արժանանալու եւ աւելի վատ հետեւանքներ ունենալու>>, հաստատած է Արմէն Ռուստամեան:

 



comments