Վեց երեխաները մնացած են անտուն

By Asbarez | Saturday, 07 May 2016

0507KHALAPIAN

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած է նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեանի պատասխանը՝ <<Նիուզ>>ի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծ Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն այցելութեան կազմակերպումը՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։

<<Ապրիլի սկզբին ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ուժային ճանապարհով լուծելու փորձի ձախողումից յետոյ Ադրբեջանը ձգտում է կեղծիքի եւ մեքենայութիւնների միջոցով իրեն ներկայացնել որպէս զոհ եւ խուսափել պատասխանատուութիւնից՝ ռազմական ագրեսիայի սանձազերծման ու դրան ուղեկցող բազմաթիւ ռազմական յանցագործութիւնների համար>>, ըսած է ան։

Ըստ Ա. Սարգսեանի, մասնակցելով ատրպէյճանական կողմի վատ բեմադրուած նախաձեռնութիւններուն, միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչները ակամայ առիթ կու տան, որ Պաքու զիրենք ներգրաւէ իր քարոզչական արշաւին մէջ՝ ուղղուած Ատրպէյճանի իշխանութիւններու յանցաւոր գործունէութեան արդարացման:

<<Համոզուած ենք, որ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ իսկապէս օբյեկտիւ պատկերացում կազմելու եւ ադրբեջանական ագրեսիայի պատճառների եւ հետեւանքների մասին բազմակողմանի տեղեկատուութիւն ստանալու համար դիւանագէտները եւ միջազգային կազմակերպութիւնների ներկայացուցիչները պէտք է, առաջին հերթին, այցելեն հէնց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: ԼՂՀ իշխանութիւններն պատրաստ են բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել նման այցելութեան կազմակերպման հարցում>>, նշած է ան:

 

 

comments