Հայ Գործարարները Պիտի Հոգան Ապրիլեան Պատերազմին Քանդուած 10 Տուներու Կառուցման Ծախսերը

By Asbarez | Saturday, 09 July 2016

 

0709houses

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութիւնը պիտի ֆինանսաւորէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք Արցախի մէջ աւերուած 10 տուներու կառուցման աշխատանքները: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։

«Մեր խորհրդի նիստից յետոյ որոշուեց, որ տարուայ ծրագիրը լինելու է Լեռնային Ղարաբաղում աւերուած տների վերականգնումը: Ըստ հաշուարկների իւրաքանչիւր աւերուած տունը կ՛արժենայ 25 միլիոն դրամ: Պատերազմի հետեւանքով վնասուել է 200 տուն, որից 80ը հիմնայատակ աւերուել է: Այսինքն՝ այդ 80ի դէպքում նորը պէտք է կառուցուի, մնացածը վերանորոգուելու են: Հիմա միութիւնն իր վրայ է վերցնում 10 տների կառուցման աշխատանքների ծախսը», նշած է Արսէն Ղազարեան: Ան տեղեկացուցած է, որ մինչեւ տարեվերջ այդ գումարները պիտի յատկացուին, որպէսզի տուները կառուցուին եւ մարդիկ կարենան վերադառնալ իրենց բնակարանները:

Նշենք, որ Արցախի գլխաւոր դա-տախազութեան տուեալներով, Ատրպէյճանի քառօրեայ պատերազմին հրահրումով Լեռնային Ղարաբաղ ունեցած է 779 միլիոն դրամի վնաս:

comments