By news.am | Thursday, 29 October 2009
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ.ամ>>.- Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Հոկտեմբեր 28ին, Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական միութեան ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպիի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է. <<Թուրքիայի կողմից արձանագրութիւնների վաւերացման ձգձգումը կ՛արժանանայ հայկական կողմի համարժէք վերաբերմունքի։ ... ԱԺ հասարակայնութեան հետ կապերի վարչութիւնից NEWS.amին յայտնում են, որ հանդիպման առանցքում եղել է առանց նախապայմանների հայ-թուրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացը>>:
1028hovigabrahamian Ազգային Ժողովի նախագահը վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը այդ հարցի վերաբերմամբ եւ շեշտած, որ այդ արձանագրութիւններով Հայաստան չէ ստանձնած որեւէ միակողմանի պարտաւորութիւն, եւ դիմած է այդ քայլին՝ երկու երկիրներու միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու համար անհրաժեշտ հիմքեր ստեղծելու նպատակով: Աբրահամեան տեղեկացուցած է Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչին, որ եթէ Թուրքիա <<խելամիտ ժամկէտներում>> չվաւերացնէ այդ արձանագրութիւնները, ապա հայկական կողմն առանց յապաղելու կը ձեռնարկէ համապատասխան համարժէք քայլեր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ