By Armen Press | Sunday, 01 November 2009

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նոյեան Տապան>>, <<Արմէնփրէս>>.- <<Մինչեւ 2010ի Ապրիլ ամիսը, Թուրքիոյ խորհրդարանը կը քննէ եւ կը վաւերացնէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները, որովհետեւ ակնյայտ է, թէ անկէ հիմնական շահողը թրքական կողմն է>>, ըսաւ Հայաստանի ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, Ուրբաթ, Հոկտեմբերի 30ին խորհրդարանական ճեպազրոյցի ընթացքին:
Ան վկայակոչեց Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հասարակական կարծիքի հարցախոյզի մը տուեալները, ըստ որոնց, եթէ գործընթացի սկզբնական հանգրուանին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման դէմ եղած են թուրքերուն 70 տոկոսը, ապա ներկայիս նոյնքան տոկոսը անոր կողմ է:
<<Պարզապէս կը փորձեն քամած լիմոնից եւս մի քանի կաթիլ կորզել, որպէս նախապայման Ղարաբաղի հարցի շուրջ լայն քննարկում ծաւալելով>>, ըսաւ Վ. Յովհաննիսեան:
Իր կարգին, ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանի կարծիքով, արձանագրութիւններու վաւերացումը ամիսներու խնդիր է: Իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ Հայաստանի <<նպատակն է Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը, որում տեսնում ենք Ցեղասպանութեան ընդունումը Թուրքիայի կողմից>>: Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու նախաձեռնութեան վերաբերեալ պատգամաւորը նշեց. <<Չեմ կարծում, որ Հայաստանում մարդիկ կան, որ Ցեղասպանութիւնը չեն ընդունում, եւ դրա համար պէտք է օրէնք ընդունել: Երբ սահմանը բացուի եւ Թուրքիան իր օրէնքում փոփոխութիւն չկատարի, բնականաբար, մենք էլ օրէնք կ՛ընդունենք>>:
Վ. Յովհաննիսեան նաեւ Հայաստանի համար դրական համարեց այն իրողութիւնը, որ Արեւմուտքի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները սկսած են բարելաւուիլ, Արեւմուտքի ցուցաբերած աւելի ճկուն քաղաքականութեան շնորհիւ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ