Նալբանդեան. Երկու Կողմերը Պէտք Է Արագօրէն Վաւերացնեն

By Noyan Tapan | Sunday, 01 November 2009

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նոյեան Տապան>>.- <<Հայ-թրքական արձանագրութիւնների վաւերացումը կապուած չէ Ղարաբաղի հարցի հետ>>, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30ին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ աւելցուց, թէ այս հաստատումը ներքին օգտագործման համար կատարուող յայտարարութիւն մը չէ, այլ Հայաստանի իշխանութիւններուն պաշտօնական դիրքորոշումը:

<<Ոչ միայն Հայաստանն է ասում, որ դրանք կապուած չեն: Եռանախագահող երկրներն այդ մասին բազմիցս յայտարարութիւններ են արել, եւ երբ վերջերս եռանախագահողները Հայաստանում էին, եւս մէկ անգամ ասացին, որ որեւէ ձեւով կապուած չէ եւ չի կարող լինել>>, ըսաւ նախարարը:

Նալբանդեան յայտարարեց, թէ երկու կողմերը պարտաւոր են արագօրէն վաւերացնել արձանագրութիւնները եւ կեանքի կոչել համաձայնութիւնները:

Մեկնաբանելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ներկայացումը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին, նախարարը յայտարարեց, որ պաշտօնական Երեւանը միշտ ողջունած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչումը աշխարհի այլ երկրներու կողմէ: <<Արդէն աշխարհի շուրջ 20 երկիր է ճանաչել այդ պատմական փաստը, որը վերաբերում է ոչ միայն հայ ժողովրդին, այլ նաեւ ողջ մարդկութեանը: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կարող է հետագայում կանխել մարդկութեան դէմ նման ոճրագործութիւնները>>, ըսաւ Նալբանդեան:

Իր կարգին, ԳԱԱի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, թուրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան յայտնեց, թէ Անգարա վերջին քանի մը օրերուն մեղմացուցած է հայ-թուրքական արձանագրութիւններու վաւերացման վերաբերող իր յայտարարութիւնները, այդ իրողութիւնը վերագրելով Ուաշինկթընի եւ Եւրոմիութեան կողմէ Թուրքիոյ վրայ բանեցուող ճնշումներուն:

Ըստ անոր, Թուրքիա կը փորձէ առեւտուրի նիւթ դարձնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: Ան նաեւ նշեց, որ թէեւ Թուրքիոյ ազգայնամոլ շրջանակներուն մէջ հակահայ տրամադրութիւնները սաստկացած են, ընդհանուր առմամբ թրքական հասարակութիւնը այդ արձանագրութիւններուն հանդէպ չունի այն հետաքրքրութիւնը, որ կայ, օրինակ, քրտական հարցին նկատմամբ:

Յիշեցնենք, թէ Հինգշաբթի օր Պաքու գտնուող Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Մուրատ Մէրճան, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք, դարձեալ յայտարարեց, թէ Հայասան-Թուրքիա սահմանը պիտի չբացուի, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չլուծուի:

comments