Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին մասին. Դաշնակցութեան տեսակէտը նոյնն է

By Aztag Daily | Wednesday, 22 February 2017



Արցախի մէջ տեղի ունեցած է սահմանադրական փոփոխութիւններու  հանրաքուէն. Արցախի բնակչութիւնը պիտի որոշէ կառավարման կիսանախագահական համակարգէն անցնիլ նախագահական համակարգի:

Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան <<Երկիր>>-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անգամ մը եւս հաստատեց ՀՅԴ-ի կարծիքը, որ իրենք դէմ են այդ սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ կողմնակից են, որ անցում կատարուի կառավարման խորհրդարանական համակարգին:

Ան անհասկնալի նկատեց այն պնդումները, թէ քանի որ Արցախը կը գտնուի պատերազմական իրավիճակի մէջ, ապա պէտք է ունենայ  կառավարման նախագահական համակարգ: <<Սահմանադրական բարեփոխումներու ներկայացուած նախագիծը կը փորձեն կապել պատերազմող Արցախի հետ եւ անհրաժեշտութիւն կը նկատեն  նախագահական կառավարման համակակարգը: Ասիկա տեսակ մը  անհասկնալի է. արդե՞օք Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ նոյն պատերազմական իրավիճակին մէջ չէ, իսկ Հայաստանի մէջ ընդունուեցաւ կառավարման խորհրդարանական համակարգը: Արդէն իսկ ինչ որ տեղ անհասկնալի եւ չբացատրուող կէտեր կան>>, ըսաւ  Իշխանեան, ապա աւելցուց. <<Դաշնակցութեան տեսակէտը նոյնն է եւ  նոյնն ալ կը մնայ: Ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ որքանո՛վ ճիշդ էր ՀՅԴ-ի  որդեգրած գիծը>>:

Դ. Իշխանեան նշեց, որ ժամը 12:00-ի դրութեամբ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը տուած է պաշտօնական տեղեկատուութիւն, որ կայ մօտաւոր 18 առ հարիւր մասնակցութիւն: <<Յատուկ աղաղակող երեւոյթներ չկան: Մենք մնայուն կապի մէջ ենք շրջանային մեր ընտրական գրասենեակներուն, ընտրական յանձնախումբի մեր անդամներուն հետ. որեւէ յատուկ մտահոգող փաստեր, գոնէ այժմ, չկան>>, ըսաւ ան:

Ըստ Իշխանեանի, շատ կարեւոր են դիտորդական առաքելութեամբ Արցախի մէջ գտնուող տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու տեսակէտները, որոնք հանրաքուէի արդիւնքներէն ետք պիտի ներկայացուին: <<Նախքան այդ տեսակէտներուն հրապարակումը` արդէն իսկ անոնց ներկայութեան փաստը պիտի արձանագրենք, որ շատ կարեւոր է յատկապէս վերջին շաբաթներուն` Ալեքսանտր Լափշինի հետ տեղի ունեցած դէպքին առնչութեամբ>>, ըսաւ ան, ապա աւելցուց. <<Դիտորդական առաքելութեամբ Արցախ գտնուող տարբեր երկիրներու  ներկայացուցիչները անգամ մը եւս իրենց պատկերացումները, իրենց համոզումները պիտի յստակեցնեն անկախ Արցախի Հանրապետութեան ներկային, ինչու չէ` նաեւ ապագային մասին>>:

 

comments