By Armen Press | Wednesday, 04 November 2009
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Պետական եկամուտներու կոմիտէն կը պատրաստուի հայ-թրքական սահմանի հաւանական բացումին, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3ին յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի տեղակալ Արմէն Ալավերդեան: Ըստ անոր, Թուրքիան Հայաստանի համար տնտեսական այնպիսի գործընկեր մը կրնայ ըլլալ, ինչպէս օրինակ՝ Վրաստանն է, եւ այդ երկրի համար եւս պէտք է որդեգրուի օրէնքով սահմանուած հարկերու համակարգման դրութիւն, ինչպէս այլ երկրներու հանդէպ: Հայաստանը Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ է, ինչ որ զայն կը դնէ բոլոր երկիրներուն հանդէպ հարկերու նոյնատիպ դրութիւն կիրարկելու պարտաւորութեան տակ:
Ան աւելցուց, թէ պէտք է միջոցներ ձեռնարկուին սահմանի բացման պարագային մաքսային ընթացակարգերը պատշաճ կերպով իրականացնելու համար: Մաքսակէտեր պիտի ըլլան Ախուրիկի եւ Մարգարայի մէջ:
Ալավերդեան յայտնեց, թէ չի կիսեր այն մտահոգութիւնները, թէ սահմանի բացման պարագային հայկական շուկան պիտի ողողուի թրքական ապրանքներով: Ըստ անոր, շուկայի տարողութիւնը սահմանուած է ապրանքներու սպառումի քանակով, իսկ մեծաքանակ ապրանքի ներածման պարագային, գիներու անկում պիտի արձանագրուի: Ի վերջոյ, այսպէս թէ այնպէս Հայաստան կը ներածուի թրքական ապրանք, սակայն այլ երկիրներու տարածքով, իսկ սահմանի բացման պարագային, ըստ Ալավերդեանի, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ վերահսկել այդ երկրի հետ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ