By Asbarez | Wednesday, 04 November 2009
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ռատիօլուր>>.- Երեքշաբթի օր, <<Փաստարկ>> ակումբի մէջ խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու հնարաւոր հաստատման մասին՝ Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Ալվարդ Պետրոսեան յայտնած է, որ արձանագրութիւններուն <<այո>> եւ <<ո>>չ ըսողները պէտք է նստին ու խօսին իրար հետ: Անոր կարծիքով՝ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը Ցիւրիխի մէջ կրնար չստորագրել փաստաթուղթ ու հերոսանալ: Ան համամիտ չէ որոշ պաշտօնեաներու պնդումներին, թէ Թուրք պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները ներքին սպառման համար են:
<<Այսօր բզկտւում ենք, սակայն ընդհանուր յայտարարի չենք կարողանում գալ>>, յայտնած է Պետրոսեան: Իսկ վիճակը ճիշտ հասկնալու ու ճիշտ քայլեր անելու համար, իր համոզումով, պէտք է, որ արձանագրութիւններուն համոզուած <<այո>> եւ իսկապէս <<ո>>չ ըսողները նստին ու խօսին իրար հետ։
Այնքան ատեն, որ այս խօսակցութիւնը <<չի ստացւում>>, ասպարէզ կը յայտնուին, Ալվարդ Պետրոսեանի ձեւակերպումով, հերարձակ հայրենասէրները։
Գրող, հրապարակախօս Ալվարդ Պետրոսեան յայտնած է թէ ՀՅԴն դէմ չէ հայ-թրքական սահմանի բացման, այլ՝ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցի գծով շտապողականութեան եւ արձանագրութիւններու ներկայ որակին: Պետրոսեան աւելացուցած է, որ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ քաղաքական ուժ թուրքի հետ յարաբերուելու այնքան մեծ փորձ ունի, որքան Դաշնակցութիւնը:
<<Իսկ այդ փորձն ասում է, որ պէտք չէ շտապել. կան որոգայթներ, որոնք պէտք է յաղթահարել>>, ըսած է Ա. Պետրոսեան:
Ըստ անոր, ամբողջ ազգը, լքած ներքին շատ լուրջ տնտեսական, քաղաքական խնդիրներ, ինքզինք գտած է հայ-թրքական խաչմերուկին վրայ:
<<Ազգային միասնութեան ընդհանուր յայտարարի գալու ոչ մի ցանկութիւն, կարծես, չկայ: Այս հարցի շուրջ դէմ եւ կողմ արտայայտուողներ պէտք է իրար հետ նստեն եւ գտնեն ճշմարտութեան կիզակէտը>>, նշած է ան: Ըստ անոր, այս հանգրուանին պէտք է առաւելագոյն զգուշութիւն ցուցաբերել, որովհետեւ <<որոշւում է մեր երկրի ճակատագիրը>>:
Ըստ իրեն, շատ յաճախ ՀՅԴին կը մեղադրեն անցեալէն դուրս չգալու յանցանքով: <<Մենք անցեալից դուրս ենք եկել, սակայն այն չենք մոռանում>>, ընդգծեց Պետրոսեան: Անոր կարծիքով, խնդրի վերաբերեալ Թուրքիոյ յայտարարութիւնները Ատրպէյճանի ականջները շոյելու համար չեն միայն, այլ այդ մէկը թրքական հին քաղաքականութիւն է: <<Այս հարցի հետ կապուած ցանկացած բան ասելիս ես վախենում եմ, ոչ թէ, որ ես վախկոտ եմ, այլ որովհետեւ վախենալու թեմա է: Պէտք է կասկածելով խօսենք այս թեմայի մասին: Ժողովուրդը պէտք է պատմութեան փորձերից դաս քաղի>>, ըսաւ պատգամաւորը, որ սակայն դրական կը համարէ, որ հայ-թուրքական յարաբերութիւններուն մէջ <<ինչ-որ բան սկսուել է>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ