67 Զինուորականներու Ընտանիքներ Բնակարան Կը Ստանան Մարտունիի Մէջ

By Asbarez | Thursday, 13 April 2017

0413mardounihousesՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Չորեքշաբթի, 12 Ապրիլին, Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ պետական միջոցներով կառուցուած, սպայական ընտանիքներու համար նախատեսուած բազմաբնակարան երեք շէնքերու բացման արարողութիւնը:

Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան՝ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի եւ զինուորական բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ միասին, բնակարաններու բանալիները յանձնած է 67 թոշակառու եւ ծառայութեան մէջ գտնուող զինուորականներու ընտանիքներու:

comments