Բակօ Սահակեան Կը Մասնակցի Մատաղիսի Ծառատունկի

By Asbarez | Friday, 14 April 2017

 

0414pakosahagian

ԱՐՑԱԽ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 13ին այցելած է Մարտակերտի շրջանի Մատաղիս գիւղ եւ մասնակցած շաբաթօրեակի ծիրէն ներս այնտեղ կազմակերպուած ծառատունկին:

Արցախի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ երկրի ղեկավարը հանդիպած է նաեւ տեղի բնակիչներուն հետ եւ քննարկած համայնքին առջեւ ծառացած խնդիրները:

Նախագահ Սահակեան յանձնարարականներ տուած է մարմիններու ղեկավարներուն՝ քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:

comments