"Անյետաձգելի է Արցախի մասնակցութիւնը տագնապին վերաբերող բանակցութիւններուն" հաստատեց Մարիօ Նալպանտեան

By Aztag Daily | Friday, 28 July 2017


Այս օրերուն Արցախ գտնուող Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Մերձսեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան հարցազրոյց մը տուած է <<Ապառաժ>>-ին` Արցախի վերաբերող քաղաքական իրադարձութիւններու, արցախեան տագնապին ու տեսլականներուն վերաբերեալ:

Ըստ Մարիօ Նալպանտեանի, արցախեան տագնապի լուծման հորիզոնը նկատելի պիտի ըլլայ միայն հիմնական դերակատարներու` Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ բանակցութիւններու վերսկսման պարագային:

<<Բնական է հիմնական դերակատարներու ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը` տարբեր տագնապներու լուծման, եւ Արցախ պէտք չէ բացառութիւն ըլլայ: Բանակցութիւնները պէտք է ըլլան դէմ առ դէմ: Այլեւս անյետաձգելի է Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն: Ճիգ պէտք է թափել, որովհետեւ բանակցող կողմ ըլլալու հանգամանքը պիտի նպաստէ տագնապի լուծման>>, նշած է ան:

Խօսելով բանակցութիւններուն մէջ հայկական կողմի սկզբունքային հարցերուն մասին` Մարիօ Նալպանտեան նախ եւ առաջ առանձնացուցած է Արցախի Հանրապետութեան սթաթիւս քոն, այնուհետեւ շեշտած է նաեւ անվտանգութեան երաշխիքներու կարեւորութիւնը:

<<Արցախի անվտանգութիւնը ինքնաբերաբար կը դառնայ Հայաստանի անվտանգութեան հարց: Եթէ այդ երաշխիքները չըլլան, բանակցութիւնները անխուսափելիօրէն փակուղիի մէջ պիտի յայտնուին, սակայն այսօր Ազրպէյճան պատրաստ չէ այս հարցերուն մասին լրջօրէն խօսելու>>, շեշտած է Նալպանտեան` համոզում յայտնելով, որ պետական եւ միջազգային բարձր մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող հանդիպումները կը նպաստեն լարուածութեան մեղմացման եւ կը ստեղծեն երկխօսութեան նուազագոյն նախադրեալներ:

Տագնապի լուծման համար պէտք է ստեղծուին նաեւ որոշ նախադրեալներ, որոնք, ըստ Նալպանտեանի, այսօր չկան տակաւին:

<<Որեւէ պետութիւն իրաւունք չունի խաղալու ժողովուրդի ճակատագիրին հետ: Այսօր մենք կը տեսնենք, որ հայ ժողովուրդի որոշ դաշնակից պետութիւններ չեն հասկնար, որ իրենց դերակատարութիւնը պէտք է ըլլայ արդար խաղաղութիւն հաստատելու ծիրին մէջ: Այդ գիտակցութիւնը պէտք է առաջնորդէ մեր դաշնակիցները, հակառակ պարագային պիտի տուժէ բանակցային հոլովոյթը եւ հարցի խաղաղ լուծումը>>, ընդգծած է ան:

Խօսելով Ընկերվար միջազգայնականի օրակարգին վրայ Արցախի շուրջ ծաւալող քննարկումներուն մասին` Մարիօ Նալպանտեան նշած է, որ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր ընկերվարական եւ ժողովրդավարական կուսակցութիւններու միջազգային միաւորումը կուսակցական մակարդակի վրայ կը փորձէ ստեղծել պայմաններ, որոնք պիտի նպաստեն երկխօսութեան:

<<Ընկերվար միջազգայնականին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունի կարեւոր դերակատարութիւն, եւ անիկա հարթակ մըն է, ուր առիթ կը ստեղծուի Արցախի հարցին էութիւնը եւ զարգացումները ճիշդ ձեւով ներկայացնելու: Յստակ է, որ Արցախի ժողովուրդը ունի ինքնորոշման իրաւունք, եւ այդ առումով յաջողած ենք կառոյցին մէջ դրական տրամադրութիւններ ստեղծել>>, նշած է Մարիօ Նալպանտեան եւ կարեւոր նկատած այդ ուղղութեամբ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալայի դերակատարութիւնը, որ տարբեր առիթներով եղած է Երեւանի եւ Պաքուի մէջ եւ կուսակցական ու պետական բարձր մակարդակով ներկայացուցած է կազմակերպութեան մտահոգութիւնը եւ փափաքը` դրական ներդրում ունենալու հարցի լուծման մէջ:

 

comments