Բակօ Սահակեան Կը Հանդիպի ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հետ

By Asbarez | Thursday, 07 September 2017

 

0907pako

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբերին, իր գրասենեակին մէջ հանդիպեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցած այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայրենիք-Սփիւռք կապերու եւ տարածաշրջանային զարգացումներու վերաբերող հարցեր:

comments