By Yerkir Media | Wednesday, 11 November 2009
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.- Հայ-թրքական արձանագրութիւններու դէմ Դաշնակցութեան բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին Հայաստանի մարզերուն մէջ:
Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արա Նռանեանի համաձայն, մարզերու մէջ կազմակերպուած բողոքի միջոցառումներու նպատակը առաջին հերթին քաղաքական իրադարձութիւններէն անտեղեակ բնակչութիւնը իրազեկ դարձնել է հայ-թրքական արձանագրութեանց հետեւանքներուն:
<<Երբ զրուցում ես մարզերի բնակիչների հետ, պարզւում է, որ նրանք տեղեակ չեն, թէ ինչ է կատարւում: Տեղեկատուութիւն ստանում են բացառապէս <<Հ1>>ից, թերթերին ծանօթ չեն, ռադիօկայանները ակտիւ չեն>>, յայտնած է պատգամաւորը:
Դաշնակցական գործիչը շեշտած է ժողովրդական ալիք սկսելու կարեւորութիւնը, որ միայն երեւանի մէջ պէտք չէ իրականանայ: Մարզերը եւս մաս պէտք է կազմեն շարժումին:
Արձանագրութիւններու վերաբերեալ ԱԺ իշխանական մեծամասնութեան դիրքորոշման անդրադառնալով, Նռանեան յայտնած է, որ ճեղքեր սկսած են նկատուիլ նաեւ քաղաքական մեծամասնութեան ներսը:
<<Եթէ նախկինում իրենք անվերապահ հաւատում էին առաջնորդի խօսքերին, ապա ինտենսիւ քաղաքական աշխատանքի եւ լրատուամիջոցների շնորհիւ տեսան, որ իրականում այնպէս չէ, ինչպէս ներկայացւում է: Կան քաղաքական մեծամասնութիւնում մարդիկ, որ չեն ուզում հայ-թուրքական յարաբերութիւնների մասին խօսել, որովհետեւ լուրջ պրոբլեմներ (խնդիրներ-Խմբ.) են տեսնում այս ոլորտում>>, յայտնած է Նռանեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ