By Asbarez | Saturday, 16 December 2017
ԵՐԵՒԱՆ.- Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերին հրաւիրեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին քննարկուեցան ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման (ՌԱՀ), ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ տարուող պայքարի իրաւական ու կառուցակարգային նախադրեալներու ամրապնդման հիմնախնդիրները:
Առաջին հարցը խորհուրդի անդամներուն զեկուցեց պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեան, իսկ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ Հայաստանի ձեռնարկած միջոցառումներուն, հիմնահարցներուն եւ յետագայ ընելիքներու մասին զեկուցեցին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գէորգի Կուտոյեան եւ ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեան:
ԱԱԽ անդամները հաւանութիւն տուին ներկայացուած «ՌԱՀի զարգացման պետական ծրագիր»ին: Ներկայացուած առաջարկներուն հիման վրայ կառավարութեան տրուեցան շարք մը յանձնարարականներ:
Ահաբեկչութեան դէմ տարուող պայքարի իրաւական ու կառուցակարգային նախադրեալներու ամրապնդման հիմնահարցերուն վերաբերեալ ԱԱԾ տնօրէնի եւ ոստիկանութեան պետի զեկոյցներէն ետք Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուաւ ներկայացուած՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան դրոյթներու իրականացումը ապահովող միջոցառումներու ծրագիր-ժամանակացոյց»ի նախագիծին եւ կառավարութեան յանձնարարեց սահմանուած կարգով ընթացք տալ անոր:
Վերոնշեալ հարցի զեկուցման ընթացքին նշուեցաւ, որ 2012ին կառավարութեան կողմէ հաստատուած «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան դրոյթներու իրականացումը ապահովող միջոցառումներու ծրագիր-ժամանակացոյց»ը տակաւին կատարելագործման անհրաժեշտութիւն ունի՝ նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական այժմու զարգացումները, տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչական սպառնալիքներու բարձր մակարդակը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան զարգացման եւ ձեւափոխութեան միտումները, որուն միտուած է փաստաթուղթի նախագիծը:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առումով Հանրապետութեան նախագահը, որպէս առաւել գործօն միջոցներ, առանձնապէս կարեւոր նկատած է երեք ուղղութիւններ. գործնական հետախուզական աշխատանքներու կատարելագործումը, ներառեալ՝ արհեստագիտական միջոցներու կատարելագործումը, հակազդման ստորաբաժանումներու հնարաւորութիւններու բարձրացումը եւ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնումն ու փորձառութեանց փոխանակումը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ