Բակօ Սահակեան Կը Շեշտէ Հայաստանի Հետ Փոխգործակցութեան Կարեւորութիւնը

By Asbarez | Saturday, 16 December 2017

1216pako

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերին ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանը եւ անոր գլխաւորած Հայաստանի կառավարութեան պատուիրակութեան անդամները:

Հանդիպման ընթացքինք քննարկուեցան հայկական երկու պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ Հայաստանի հետ տնտեսական փոխգործակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան զարգացման ու զօրացման կարեւորագոյն հիմքերէն մէկն է:

comments