By Asbarez | Saturday, 16 December 2017
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ըստ ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի՝ 2017ի կարեւորագոյն ձեռքբերումը Հայաստան-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրումն էր:
«Բոլորն էլ ընդունում են, որ ԵՄի հետ համաձայնագրի ստորագրումը իւրայատուկ էր: Այն կարող էր ստորագրուել դեռեւս 4 տարի առաջ, եթէ ԵՄն համաձայնէր ստորագրել այն գոնէ քաղաքական մասով: ԵՏՄ անդամ պետութեան կողմից ԵՄի հետ նման համաձայնագրի ստորագրումն իսկապէս կարեւոր ձեռքբերում է, մնում է ԵՄ անդամ պետութիւնները վաւերացնեն այդ համաձայնագիրը», լրագրողներուն ըսաւ Մանոյեան:
2017ին, ըստ Մանոյեանի, Արցախի հարցով լուրջ տեղաշարժ չէ արձանագրուած:
«Արցախեան հարցի կարգաւորման գործընթացը կարելի է սառած համարել, թէեւ ինչ-ինչ գործընթացներ, այնուամենայնիւ, կան, որոնք երաշխիք են, որպէսզի լայնածաւալ պատերազմ չվերսկսուի», ըսաւՄանոյեան՝ աւելցնելով, որ պէտք է պատրաստ ըլլանք վատթարագոյնին, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել հնարաւոր մարտահրաւէրները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ