Ըստ Մանոյեանի, Հայ-Թրքական Յարաբերութիւնները Յետընթացի Մէջ Են

By Asbarez | Sunday, 22 November 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, յայտնած է, որ Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն գծով յառաջիկայ մի քանի ամիսներուն լուրջ տեղաշարժեր չեն արձանագրուիր, գլխաւորաբար այն պատճառով, որ երկու երկրներու մէջ ալ ստորագրուած արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը կրաւորական փուլի մը մէջ մտած է:

Արդարեւ, ըստ Մանոյեանի, ո՛չ Թուրքիոյ խորհրադարանը հարցը կը քննարկէ, ո՛չ ալ փաստաթուղթերը Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին կը ներկայացուին :

Կ. Մանոյեանի համոզումով, տարածաշրջանէն ներս Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը կը յուշէ, որ այդ երկիրը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ուղղութեամբ առաջ չի շարժիր եւ որոշ քայլերու կը ձեռնարկէ միայն Ապրիլ 24ին:

<<Մինչեւ 2010 թ. գարուն ցիւրիխեան արձանագրութիւնների վաւերացման գործընթացում դժուար թէ արժի որեւէ փոփոխութիւն սպասել: Իսկ գարնանը Ապրիլի 24ի նախաշեմին, Թուրքիան որոշակի քայլեր կը ձեռնարկի, որոնք աւելի շատ ցուցադրական բնոյթ կ՛ունենան, որպէսզի միջազգային հանրութեանը ցոյց տայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու առումով իր պատրաստակամութիւնը>>, նշած է Մանոյեան: Ան ընդգծած է, որ Թուրքիա այդ քայլերուն կը դիմէ բացառապէս այն պատճառով, որպէսզի թոյլ չտրուի ԱՄՆ Քոնկրէսի կողմէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի հնարաւոր ընդունումը:

Կ. Մանոյեան կ՛առաջարկէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները սպասողական դիրք ընդունելու փոխարէն անմիջապէս յայտարարեն, որ այդ արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացնեն: Գնահատելով արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք ինկած ժամանակահատուածի հայ-թրքական յարաբերութիւնները, Մանոյեան յայտնած է որ որեւէ յառաջընթաց չկայ, ընդհակառակը՝ յետընթաց արձանագրուած է քանի որ, մինչեւ ստորագրումը, կողմերը եթէ կը զսպէին իրենք զիրենք, ապա հիմա հանդէս կու գան յստակ դիրքորոշումներով, եւ թրքական կողմն ալ անընդհատ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը կապէ Ղարաբաղեան հարցին հետ:

Միւս կողմէ, Հայ ազգային կոնգրէսի մասին խօսելով, Կ. Մանոյեան նշած է, որ ներկայիս այդ խմբաւորումը ջանքեր կը գործադրէ քաղաքական ասպարէզին վրայ <<ողջ մնալու>> համար:

<<Նրանք խնդիր ունեն մինչեւ յաջորդ ընտրութիւնները պահպանելու սեփական վարկանիշը: ՀԱԿը զիջել է ընդդիմութեան մենաշնորհը>>, յայտնած է Կ. Մանոյեան:

comments