Ըստ Կիւլի՝ Հայ-Թրքական Սահմանը Շուտով Պիտի Բացուի

By Asbarez | Tuesday, 24 November 2009

ԱՆԳԱՐԱ.- Ըստ իտալական <<Լա սթամբա>> պարբերականին՝ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտնած է, թէ հայ-թրքական սահմանը շուտով պիտի բացուի եւ Երեւանն ու Անգարան դեսպաններ պիտի փոխանակեն: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտնած է, որ Անգարա մտադիր է լուծել հարեւաններուն հետ առկայ բոլոր խնդիրները:

<<Կը փոխուի աշխարհը, կը փոխուի նաեւ Թուրքիան>>, իտալական թերթին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահը:

Թրքական <<<<Զաման>> օրաթերթին Նոյեմբեր 23ին տուած տեղեկութեան համաձայն, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական համաժողովին մասնակցելու նպատակով Մոսկուա մեկնած Թուրքիոյ խորհրդաանի խօսնակ Մեհմէտ Ալի Շահին հնարաւոր է, որ հանդիպի նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու խօսնակներուն հետ:

<<Հայաստանի հետ կը փորձենք երկխօսութիւն սկսիլ>>, <<Զաման>>ին ըսած է Մեհմետ Ալի Շահին:

 

comments