By Asbarez | Wednesday, 02 December 2009
ԱԹԷՆՔ.- Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլուն երէկ Աթէնքի մէջ հանդիպեցաւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին: Թրքական <<Սի.Էն.Էն-Թուրք>> լրատու ծառայութեան փոխանցումով՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպումը տեւած է մօտ կէս ժամ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու վաւերացման ժամկէտներու եւ Մինսկի խումբի համաժողովին քննարկուելիք Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման հեռանկարները:
<<<<Արմէնփրէս>>ի թղթակից Նարինէ Նազարեանի համաձայն, երկու նախծարարները իրենց հանդիպումէն ետք ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցած են մամուլին եւ գոհացած են լրագրողներու առջեւ արարողակարգային լուսանկարումով:
Տաւուտօղլուն Նալբանդեանի հետ հանդիպումէնք ետք հանդիպած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Այս հանդիպումին եւս, ըստ <<Սի.Էն.Էն. Թուրք>>ի, քննարկուած են ղարաբաղեան խնդիրը, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ