By Armen Press | Monday, 07 December 2009

ԱԹԷՆՔ, <<Արմէնփրէս>>.- Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ահմէտ Տաւութօղլուի հանդիպումին խօսուած է առանձնապէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացներու մասին: Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին անդրադարձ չէ եղած:
Այս մասին նշած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի 17րդ նիստը տեղեկագրող լրատուամիջոցներու հետ զոյցի ընթացքին:
<<Կարիք էլ չկար մտնել մանրամասն քննարկումների մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցում, քանի որ երկու գործընթացները միմեանց հետ կապել չի կարելի>>, ըսած է նախարարը, որ ԵԱՀԿ նախարարական հաւաքին ունեցած իր ելոյթի մէջ եւս ընդգծած է, որ ԼՂ հիմնահարցի եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները իրարու կապելը կրնայ միայն վնաս հասցնել թէ՛ մէկ, թէ՛ միւս գործընթացին:
<<Մենք դա ասում ենք բոլորին, այդ թւում՝ թուրքերին: Դա միայն մեր կարծիքը չէ, դա միջազգային հանրութեան կարծիքն է>>, ընդգծած է Է. Նալբանդեան: ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդի նիստի մասնակիցները եւս, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին յիշատակելով, իրենց ելոյթներուն մէջ ընդգծած էին, որ կարգաւորման գործընթացը կապուած չէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ:
Նշենք, որ ատրպեճանական աղբիւրներու համաձայն Աթէնքի մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպման ատեն Տաւուտօղլուն իբրեւ թէ տեղեկացուցած է, որ ՀՀ ԱԳ նախարարի հետ հանդիպումին նշած է, թէ արձանագրութիւնները չեն վաւերացուիր՝ քանի դեռ լուծուած չէ ԼՂ հակամարտութիւնը:
<<Ինչու ենք ստորագրել այդ արձանագրութիւնները, եթէ չենք գնալու վաւերացման եւ իրականացման: Կարծում եմ՝ երկու կողմերն էլ գիտակցում են, որ հնարաւոր ողջամիտ ժամկէտներում պէտք է վաւերացնել արձանագրութիւններն ու իրականացնել դրանք>>, յայտնած է ՀՀ ԱԳ նախարարը՝ պարզաբանելով, որ <<ողջամիտ ժամկէտներ>> կը նշանակէ այդ ճանապարհին չստեղծել արհեստական խոչընդոտներ, դժուարութիւններ:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ԱԳՆ հանդիպման նախաձեռնողը եղած է թրքական կողմը, եւ Հայաստանը տուած է իր համաձայնութիւնը:
<<Քանի որ գործընթաց ենք վարում, ինչու՞ չհանդիպել եւ չխօսել: Երկխօսութեան, հանդիպումների եւ բանակցութիւնների շնորհիւ է, որ այսօր ունենք ստորագրուած երկու արձանագրութիւններ, որոնք հնարաւորութիւն են բացում ապագայ յարաբերութիւնների կարգաւորման համար>>, ընդգծած է նախարարը:
Միւս կողմէ, սակայն, Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը, ԵԱՀԿ արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի 17րդ նիստի ընթացքին իր ունեցած ելոյթին մէջ յստակ դարձուցած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման <<երկու գործընթացները կարելի չէ դիտարկել մեկուսացման մէջ>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ