Հայկական Կողմը Տապալեց Ատրպէյճանի Յարձակողական Գործողութիւնները. Մարտերը Կը Շարունակուին

By Asbarez | Tuesday, 03 November 2020

1103Sahman1

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին հայկական կողմը տապալեց օրուան ընթացքին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն բոլոր յարձակողական գործողութիւնները: 2 Նոյեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ան դիտել տուաւ, որ մարտերը կը շարունակուին: Ընդհանուր առմամբ 2 Նոյեմբերի յարձակողական գործողութիւնները, որոնք երեք-չորս ուղղութիւններով եղած են, տապալած են: Մարտունիի ուղղութեամբ թշնամին կրցած է առնել մէկ-երկու դիրք՝ Մարտունիէն հարաւ՝ Ճարտարի ուղղութեամբ: Կիրարկուած են վաշտ, գումարտակ չափի ստորաբաժանումներ: Աշխուժ կերպով կը գործածուի օդուժ, քանի մը բնակավայրեր ռմբակոծուած են:

Յովհաննիսեան նշեց, որ իրավիճակը վերահսկելի է, հակառակորդի շարժումները, վերախմբաւորումները կը նկատուին եւ հիմնականին մէջ հրետանիի կրակով կը խոցուին:

Պաշտպանութեան բանակը հաղորդագռութեամբ մը տեղեկացուց, որ 1-2 Նոյեմբեր լուսցող գիշերը թէժ մարտեր ընթացան ատրպէյճանական-արցախեան ճակատային գիծի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ: Երկու հանգուցային դիրքերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմը վաշտի կազմով ձեռնարկած է յարձակման, որ միջդիրքային յամառ մարտերու իբրեւ արդիւնք բանակային ստորաբաժանումներուն կողմէ կասեցուած է: Թշնամին մեծ կորուստներով դիմած է փախուստի: Փախչող հակառակորդը արգելափակուած է ձորերէն մէկուն մէջ, եւ հայկական ուժերը ականանետային դիպուկ կրակով շարունակած են վերջինիս ամբողջական ոչնչացման գործողութիւնը:

1103Sahman

«Նոյն ուղղութեամբ հակառակորդը եւս մէկ յարձակում է ձեռնարկել դասակի կազմով, որը նոյնպէս ՊԲի կողմից ժամանակին հաւաստանշուել ու ձեռնարկուած գրագէտ գործողութիւնների շնորհիւ կասեցուել է: Մեր ստորաբաժանումները հետապնդել են փախչող թշնամուն եւ ոչնչացրել նրան:  Ներկայ պահին ճակատային գծի տուեալ հատուածում օպերատիւ մարտավարական իրադրութիւնը լրիւութեամբ գտնւում է բանակի ստորաբաժանումների վերահսկողութեան ներքոյ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ պատասխանատու Սուրէն Սարումեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Արցախի նկատմամբ դաձեալ կիրարկեցին իրենց տրամադրութեան տակ եղած գրեթէ ամբողջ զինանոցը:

«Գրոհներ ձեռնարկելով պաշտպանութեան բանակի դիրքերի որոշ հատուածներում՝ հակառակորդը կատարել է նաեւ առաջխաղացման փորձեր: Առաջխաղացման բոլոր փորձերը ձախողուել են. հետախուզութեան միջոցներով յայտնաբերուել են այդ շարասիւնները եւ խոցուել` այդպիսով հակառակորդի առաջխաղացման փորձը կասեցուել է: Դրանք հիմնականում Շուշիի ուղղութեամբ են եղել, սակայն, ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը լարուած է եղել ամբողջ ռազմաճակատում: Բացի այդ,հակառակորդը կրկին անօդաչու թռչող սարքեր է փորձել կիրառել մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մերձակայքում, բայց այդ սարքերը ՀՕՊ ստորաբաժանումների կողմից խոցուել են», յայտնեց Սուրէն Սարումեան:

Ըստ անոր՝ հակառակորդը օրուան ընթացքին շարունակած է հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնել խաղաղ բնակավայրերուն: Հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը փորձած է սահմանագիծին մօտեցնել զրահամեքենաներ: Բանակի ստորաբաժանումներուն ձեռնարկած գործողութիւններուն շնորհիւ խոցուած է թշնամական հրասայլ մը, իսկ մնացածները քաշուած են։

Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Արցախի խաղաղ բնակավայրերը թիրախ դարձնելէ բացի, ատրպէյճանական-թրքական ուժերը Արցախի գրեթէ բոլոր շրջաններու անտառային գօտիներուն մէջ կիրարկած են հրկիզող հրթիռներ:

«Հասանելի վայրերում ԱԻ պետական ծառայութեան հրշէջ փրկարարները հրդեհաշիջման միջոցներ են ձեռնարկում, բայց աղէտը շարունակում է մնալ օրախնդիր: Այսպիսով թշնամական կողմը հումանիտար աղէտին փորձում է աւելացնել նաեւ բնապահպանականը՝ զգալի վնաս պատճառում նաեւ Արցախի կենդանական ու բուսական աշխարհին», նշեց ծառայութիւնը։

2 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:10ի շուրջ, ատրպէյճանական կողմը հրետանային միջոցներէ կրակ արձակած է Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական դիրքերուն եւ Դաւիթ Բեկ բնակավայրի ուղղութեամբ, որուն իբրեւ արդիւնք արձանագրուած են մէկ զոհ եւ երկու վիրաւորներ։

comments