By Asbarez | Wednesday, 04 November 2020
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան անդրադարձաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան, ըստ որուն, տարածաշրջանը տեղափոխուած ահաբեկիչներուն թիւը կը մօտենայ երկու հազարի:
«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ նախագահը գրած է, որ Լաւրովին կը վստահեցնէ, թէ հակաահաբեկչական պայքարին ընթացքին Արցախի մէջ կրցած են ոչնչացնել այդ ահաբեկիչներուն կէսէն աւելին (մահացած եւ վիրաւորուած), իսկ յառաջիկային աւելի վճռական պայքար պիտի մղեն՝ ողջ մնացածները ամբողջութեամբ վերացնելու ուղղութեամբ:
«Ի դէպ, այդ ահաբեկչական խմբաւորումներին մարտերի ընթացքում ադրբեջանական ստորաբաժանումները ուղարկում են առջեւից` թիկունքից զէնքի ուժով վերահսկում նրանց շարժերը, նահանջի պարագայում` կրակում: Սա մեր վերջին պատերազմն է, եւ կռուելու ենք մինչեւ վերջ:
«Այս տեղեկատուութիւնը սիրիացի օգտատէրերի շրջանում տարածելը խրախուսելի է, քանի որ Արցախի խաղաղասէր բնակչութեան դէմ կռուող ահաբեկիչների հարազատները պարտաւոր են իմանալ ճշմարտութիւնը», գրած է նախագահ Յարութիւնեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ