Պատերազմի Վարձկան Ահաբեկիչներուն Գործով Նախաքննութիւնը Աւարտեցաւ

By Asbarez | Monday, 12 April 2021

0413keri

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի քննչական կոմիտէի քրէագիտական վարչութեան մէջ աւարտեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներ Մուհրապ Մուհամետ Շխերիի եւ Եուսեֆ Ալապետ Հաճիի կողմէ Ատրպէյճանի՝ Արցախի վրայ սանձազերծած պատերազմին իբրեւ վարձկան-ահաբեկիչներ մասնակցելու փաստերուն առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:

Հայաստանի Քննչական կոմիտէն կը յայտնէ, որ գործին բազմակողմանի, լրիւ եւ առարկայական նախաքննութեան ընթացքին, պատշաճ իրաւական ընթացակարգի շրջանակներուն մէջ ձեռք բերուած եւ գնահատուած ապացոյցներու համակցութեամբ` հիմնաւորուեցաւ, որ Մուհրապ Մուհամետ Շխերի եւ Եուսեֆ Ալապետ Հաճի, հանդիսանալով Ատրպէյճանի քաղաքացիներ, մնայուն կերպով չբնակելով այդ երկրին մէջ, ընդգրկուած չըլլալով Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կազմին մէջ, այլ հանդիսանալով Սուրիոյ քաղաքացիներ, Սուրիոյ կամ այլ պետութեան կողմէ ուղարկուած չըլլալով Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կազմին մէջ պաշտօնական պարտականութիւններ կատարելու համար, նիւթական հատուցում ստանալու դիմաց՝ կազմակերպուած խումբի կազմին մէջ մասնակցած են Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ 27 Սեպտեմբերի 2020ի պատերազմին, որուն ընթացքին անոնց գործողութիւնները ուղղուած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ քաղաքացիական անձերու եւ զինուած ընդհարման ընթացքին ռազմական գործողութիւններուն անմիջականօրէն չմասնակցող անձերը ոչնչացնելու կամ ծանր մարմնական վնասուածք պատճառելու, իսկ այդ գործողութիւններուն նպատակը իրենց բնոյթով եւ էութեամբ խաղաղ բնակչութիւնը ահաբեկելն էր` ապակայունացնելով Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին վիճակը:

Քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտեցաւ եւ գործը` մեղադրական եզրակացութեամբ, ուղարկուեցաւ նախաքննութեան նկատմամբ հսկողութիւն իրականացնող դատախազին` մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատելու եւ քրէական գործը դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement