Մարտական Խաչ Շքանշաններ Եւ Արիութեան Համար Մետալներ ՀՅԴի Նահատակ Կամաւորներուն

By Asbarez | Wednesday, 14 April 2021

0414Gamavor

ԵՐԵՒԱՆ.- 14 Ապրիլին, Յակոբ Պարոնեանի անուան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան Գումարտակի նահատակներու պարգեւատրման արարողութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով, 27 Սեպտեմբեր 2020ին հակառակորդին սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան եւ արիութեան համար պարգեւատրուեցան ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում»ի նահատակ կամաւորները:

Պարգեւները յանձնեցին Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, Արցախի հերոս, զօր. Վիտալի Բալասանեան, ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում»ի գումարտակի հրամանատար Հարմիկ Յովսէփեան եւ ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում»ի գումարտակի ընդհանուր հրամանատար Արտաշէս Մխիթարեան:

0415gamavor1

Յետ մահու «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններ ստացան Մհեր Յարութիւնեան եւ Գեղամ Մուշեղեան, «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշաններ` Քրիստափոր Արթին, Կիմ Խաչատրեան եւ Մայիս Նազարեան:

Նահատակ միւս մարտիկները՝ Գէորգ Հաճեան, Տաւրոս Աբրահամեան, Տիգրան Ասատրեան, Աբրահամ Բարնջեան, Կարէն Բադալեան, Դանիէլ Թովմասեան, Երուանդ Թադեւոսեան, Մանուկ Թորոսեան, Արկադիա Իսրայէլեան, Ալպէրթ Խառատեան, Արման Խաչատրեան, Սուրէն Յովսէփեան, Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Մանուկ Մարգարեան, Արշակ Մելիքեան, Արկադի Միսկարեան, Ալպէրթ Մկրտչեան, Արային Մկրտչեան, Վիգէն Մուրատեան, Յովհաննէս Պետրոսեան, Նարեկ Սահակեան, Գոռ Սարգսեան եւ Սուրէն Վանցեան արժանացան «Արիութեան համար» մետալին:

Պարգեւները ստանձնեցին անոնց զաւակները, կիները եւ ընտանիքի անդամները:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ «Կամաւորական շարժում»ի նախագահ Հրանդ Մարգարեան, որ դիտել տուաւ, թէ պատերազմին միշտ ալ նահատակներ եղած են ու պիտի ըլլան, բայց նահատակներուն հարազատները յաճախ կրկնած են՝ «միայն թէ արդիւնք լինի»:

«Իսկ այժմ արձանագրուած է պարտութիւն, աւելի ճիշդ` մենք յանձնուել ենք թշնամուն, անձնատուր ենք եղել, ամօթ մեզ: Ու ցաւը մեծ է, մրմուռը տնաքանդ է արել մեր բոլորի հոգիները: Սակայն այսպէս իրաւունք չունենք շարունակելու», հաստատեց ան եւ անդրադարձաւ պարտութեան ու անձնատուութեան պատճառներուն։ Մարգարեան նաեւ խօսեցաւ ընդդիմութեան գործունէութեան մասին եւ ըսաւ, որ, հակառակ անոր որ պատերազմի առաջին օրերէն յատուկ ճիգ գործադրուեցաւ, ամէնուր, այսպէս կոչուած, դաւադիր ներքին ուժեր յայտնաբերելու մոլուցքով, սակայն այդ կարելի չեղաւ։

«Խօսքիս սկզբում մատնանշած արդիւնքը պարտաւոր ենք ապահովել: Դա են պահանջում մեր նահատակ ընկերները, դա են պահանջում մեր նահատակ ընկերների հարազատները, անցած 30 տարիներին վառօդի ու արեան ճանապարհով քայլած մեր ժողովուրդը: Պարտաւոր ենք ապահովել արդիւնք, ազատագրել Շուշին, Հադրութը, ամբողջ Արցախը: Պարտաւոր ենք կռիւը շարունակել եւ յաղթել: Վստահ եմ` շատ շուտով արթնանալու ենք առանց Նիկոլ Հայաստանում եւ սկսուելու է գործի ժամանակը, որտեղ անցած գնացած մեր անկախութեան ու ազատագրման ճանապարհի իւրաքանչիւր պահը պէտք է դաս լինի մեզ համար, որպէսզի այլեւս նոյն սխալները չգործենք, սխալ չգործենք: Ի գործ, մենք պէտք է ապահովենք արդիւնք, ոչ ոք իրաւունք չունի հաշտուել, համակերպուել պարտութեան հետ: Կռիւը շարունակւում է, այն չի աւարտուել, մեր նահատակներն այն վէմն են, որից յառնելով, պէտք է կերտենք մեր վաղուայ յաղթանակը», եզրափակեց Հրանդ Մարգարեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ երբեք պէտք չէ նսեմացնել նահատակներուն հերոսականութիւնը եւ երբեք չըսել, թէ ի զուր եղաւ ամէն ինչ: «Այդ ամէն ինչը ի զուր կը լինէր, եթէ մենք այստեղ նստած չլինէինք եւ Երեւանն ու Հայաստանը չլինէր, իրենց պայքարի արդիւնքում է, որ մենք այսօր այստեղ ենք, այդ «ի զուր» բառը դաւաճանութիւն է մեր տղերքի հանդէպ», շեշտեց ան:

Տարօն Տօնոյեան դիտել տուաւ, որ մեր տղաները ո՛չ միամտաբար, ո՛չ ալ պակաս կազմակերպուածութեան զոհ դարձան, այլ կամաւորաբար իրենց առաջադրանքը կատարեցին, իրենց նուիրումը դրսեւորեցին իրենց հայրենիքին հանդէպ:

Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան, որ նշեց, թէ 44օրեայ պատերազմի առաջին իսկ օրէն շատեր կը նախատեսէին, որ այս պատերազմը տարբեր պիտի ըլլայ նախորդ բոլոր կռիւներէն, առաջին իսկ օրէն ակնյայտ էր, որ պիտի պատերազմէինք մէկէ աւելի երկիրներու եւ գերարդիական զէնքերու դէմ, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական խիստ անբարենպաստ պայմաններու առկայութեամբ:

«Սակայն անընդունելին ու անհանդուրժելին սեփական իշխանութեան դաւաճանական վարքագիծն էր, սեփական իշխանութիւնների կազմակերպած անկազմակերպուածութիւնն էր, եւ մենք ատոր ականատեսը եղանք ամբողջ պատերազմին ընթացքին», ըսաւ Մելիք Գարագաւորեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement