Հայաստանի Նախագահը Վրաստանի Մէջ Անդրադարձաւ Արցախեան Հիմնահարցի Արդար Կարգաւորման Կարեւորութեան

By Asbarez | Thursday, 15 April 2021

0416Vrasdan

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ. անոնք քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցեր, որոնց կարգին՝ Արցախի հարցը։

Հայաստանի նախագահը դիտել տուաւ, որ Վրաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը կարեւոր է թէ՛ երկու երկիրներուն եւ թէ հիմնական նախադրեալ է տարածաշրջանի անվտանգութեան ու զարգացման։

Ան յայտնեց, որ Վրաստանի պաշտօնակիցին հետ քննարկեցին օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ մը` անդրադառնալով փոխադրութեան, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ու այլ ոլորտներու: Նախագահը հաստատեց, որ համագործակցութեան մեծ ներուժ կայ ժամանակակից արհեստագիտութեան, արհեստական բանականութեան եւ ժամանակակից այլ բնագաւառներու մէջ:

«Անդրադարձանք նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման հարցերին` հաշուի առնելով Հայաստանի դէպքում Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Թուրքիայի աշխոյժ ու բացայայտ աջակցութեամբ Ադրբեջանի իրականացրած ռազմական ագրեսիայի (յարձակման) արդիւնքում ստեղծուած նոր իրողութիւնները: Ես իմ վրացի գործընկերոջը ներկայացրեցի ԼՂ հարցում հայկական կողմի մօտեցումներն ու տեսակէտները: Յատուկ ընդգծեցի, որ տարածաշրջանում անհնար է հաստատել տեւական խաղաղութիւն եւ ապահովել կայունութիւն առանց նաեւ Արցախեան հիմնախնդրի արդար կարգաւորման: Այդ թւում նշեցի նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան շրջանակներում հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման հնարաւորութիւնն ու դրա անհրաժեշտութիւնը: Շեշտեցի պատերազմի հետեւանքով առաջացած հսկայական մարդասիրական խնդիրները, այդ թւում` Ադրբեջանի կողմից գերիներին եւ պատանդներին, կամ այն անձանց, ովքեր այդպիսի կարգավիճակ ունեն, նրանց ազատ արձակման հարցում շուտափոյթ լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը: Սա շատ էական խնդիր է, եւ սա մարդասիրական խնդիր է», յայտարարեց Արմէն Սարգսեան:

Ան ընդգծեց, որ անթոյլատրելի է պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը Ատրպէյճանի կողմէ շահարկելը, ազգային արժանապատուութեան ոտնահարման քաղաքականութիւն վարելը, մանաւանդ որ նման քաղաքականութիւն ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ երկխօսութեան մթնոլորտի ձեւաւորման։ Ա. Սարգսեան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանութեան գծով:

Վրաստանի նախագահը իր կարգին անդրադարձաւ այս հարցին՝ դիտել տալով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարթակ ըլլալու Վրաստանի առաջարկը ուժի մէջ է տակաւին: Ան նշեց, որ Հայաստանի նախագահին հետ ունեցած վերջին հանդիպումէն ետք շատ ծանր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած են բոլորը՝ մէկ կողմէ համաճարակը, որ վնասեց տարածաշրջանի բոլոր երեք երկիրներուն տնտեսութեան, փակեց զիրենք աշխարհի հետ յարաբերութիւններէն, ինչպէս նաեւ մարդկային զոհեր պատճառեց: Միւս կողմէ, ան ծանր նկատեց պատերազմը եւ անոր հետեւանքները, յատկապէս արձանագրուած զոհերուն պարագան։

«Պատերազմի ժամանակ, ինչպէս ներկայիս, Վրաստան կանգնած է՝ իբրեւ խաղաղութեան կողմ: Ի նշան անոր` առաջարկուեցաւ մեր հարթակը հանդիպումներու, երկխօսութեան եւ իրավիճակի լիցքաթափման համար: Այս առաջարկը ուժի մէջ կը մնայ», շեշտեց Զուրապիշվիլի։

Ըստ Վրաստանի նախագահին՝ շրջանին մէջ բոլորը լաւապէս կը գիտակցին, որ հոն որեւէ հակամարտութիւն կը վնասէ ամբողջ տարածաշրջանին, ուրեմն, խաղաղութիւնը եւ համագործակցութիւնը այլընտրանք չունին Կովկասի զարգացման համար:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement