Փաշինեան Երկրորդ Անգամն Ըլլալով Վարչապետ Չընտրուեցաւ

By Asbarez | Monday, 10 May 2021

0511AZ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովը երկրորդ փուլին դարձեալ Նիկոլ Փաշինեանը չընտրեց վարչապետ, ինչպէս նախատեսուած էր։ Այսպիսով, Սահմանադրութեան համաձայն, իրաւունքի ուժով եօթներորդ գումարման Ազգային ժողովը պիտի արձակուի:

Վարչապետի ընտրութեան համար հրաւիրուած յատուկ նիստին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն մէկ երրորդին կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեան չստացաւ ընտրուելու անհրաժեշտ բաւարար ձայներ: Անոր թեկնածութեան թեր եւ դէմ քուէարկեցին մէկական պատգամաւորներ, 76 պատգամաւորներ քուէարկեցին ձեռնպահ:
Վարչապետի ընտրութեան համար անհրաժեշտ էին 67 թեր քուէներ:

Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ երկրորդ անգամն է, որ Ազգային ժողով կ՛արձակուի սահմանուած ժամկէտէն շուտ: Նոյեմբեր 2018ին եւս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականէն ետք, խորհրդարանը ցրուած էր նոյն ընթացակարգով:

 

comments