Արտաքին Գործոց Փոխնախարարներուն Հրաժարականները Ընդունուեցան

By Asbarez | Tuesday, 08 June 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխվարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեան ստորագրեց Աւետ Ադոնցի, Արտակ Ապիտոնեանի, Գագիկ Ղալաչեանի՝ արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօններէն հրաժարելու որոշումները: Այս մասին կը տեղեկացուի Հայաստանի կառավարութեան ելեկտրոնային e-gov.am կայքին վրայ:

Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 7 Յունիսէն սկսեալ արձակուրդի մէջ է։

comments