Այս Ճանապարհով Գնալու Դէպքում Մենք Ունենալու Ենք Նոր Կորուստներ. Սաղաթէլեան

By Asbarez | Tuesday, 21 September 2021



ԵՐԵՒԱՆ.- 14 Սեպտեմբերին, Ազգային ժողովի նիստին ելոյթ ունեցաւ  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, որ անդրադարձաւ Արցախի Հանրապետութեան 30ամեակին՝ շեշտելով, որ Արցախի Հանրապետութիւնը՝ թէկուզ վիրաւոր, թէկուզ խոցուած ու իր տարածքի մեծագոյն մասը կորսնցուցած, բայց գոյութիւն ունի, եւ, հակառակ Ատրպէյճանի պնդումներին եւ փափաքին, Ղարաբաղեան հիմնահարցը չէ լուծուած։

«Հիմնախնդրի լուծումը չեն ազդարարել ո՛չ բանակցային գործընթացն առաջնորդելու բացառիկ մանդատն ունեցող ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահող պետութիւնները, ո՛չ էլ որեւէ միջազգային կազմակերպութիւն։ Եւ ահա այս պայմաններում քննարկւում է Հայաստանի ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազտումի եւ սահմանագծումի, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին համաձայնագրեր ստորագրելու հարցը:

«Դատելով Հայաստանի իշխանութիւնների վարած քաղաքականութիւնից, դիրքորոշումներից եւ իրենց գործունէութեան փաստացի արդիւնքներից՝ կարելի է եզրակացնել, որ այս ճանապարհով գնալու դէպքում մենք ունենալու ենք նոր կորուստներ՝ ապաշրջափակման փոխարէն ունենալու ենք աւելի խոր շրջափակում, սահմանազտումի եւ սահմանագծումի արդիւնքում ունենալու ենք տարածքային նոր կորուստներ, իսկ տարածաշրջանում խաղաղութիւն հաստատելու պարզունակ մտադրութեամբ վերջականապէս կորցնելու ենք Արցախը», յայտնեց Սաղաթէլեան։

Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նպատակը պարզ է եւ յստակ. անոնք կը փորձեն պատերազմով ձեռք բերած առաւելութիւնները ամրագրել իրաւապէս՝ տէ ժուրէ, այդպիսով հարցականի տակ դնելով հայ ժողովուրդին՝ իր հայրենիքին մէջ ապրելու, զարգանալու, իր ինքնութիւնը պահելու եւ, ընդհանրապէս, պետականութիւն ունենալու հարցը:

«Նման պայմաններում, երբ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան փորձում են մեզ պարտադրել իրենց օրակարգը, երբ ակնյայտ յարձակողապաշտութիւն են իրականացնում Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ, անհանդուրժելի եւ անընդունելի է Հայաստանի իշխանութիւնների վարքագիծը։ Այսքանից յետոյ գործող իշխանութիւնը յայտարարում է Թուրքիայից դրական ազդակների մասին, Սիւնիքի հայկական տարածքները դաւադիր կերպով կոչում է ատրպէյճանական անուանումներով՝ տուրք տալով Բաքուի բռնապետի ցինիկ (շնական) պահանջներին։ Փաստօրէն, թուրք-ատրպէյճանական ծաւալապաշտական քայլերի ու գործողութիւնների իշխանական ընկալումն այդպիսին էր։Մեր ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան փոխարէն կառավարութեան ղեկավարը զբաղուած է տարածաշրջանում խաղաղութիւն հաստատելու՝ ինքնահռչակ եւ իրականութիւնից կտրուած խաբկանքներով», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ան շեշտեց, որ իրենք դէմ չեն խաղաղութեան, բայց տարածաշրջանային խաղաղութեան հաստատումը կ՛ենթադրէ երկկողմանի կամք եւ ցանկութիւն, ինչ որ բոլորովին կը բացակայի Ատրպէյճանի կողմէ։

«Խաղաղութիւնը պէտք է նուաճուի, հակառակ դէպքում թշնամու կողմից նուիրուած խաղաղութիւնը նոր կորուստների, նոր հայրենազրկման, նոր դժբախտութիւնների բացայայտ թակարդ է։ Ստեղծուած իրավիճակում յապաղումը, Արցախի իրաւունքներից, արդար պայքարից հրաժարումը հաւասարազօր է նոր դաւաճանութեան», նշեց Սաղաթէլեան՝ դիտել տալով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը պարտաւոր է օր առաջ յստակ եւ առանց ծածուկ ձեւերու յայտարարել Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական դիրքորոշումը Ղարաբաղեան հիմնահարցին վերաբերեալ, «ի հարկէ, եթէ այլ թաքնուած նպատակներ չունի»։

Ի. Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ քանի մը հիմնական կէտերու՝ նշելով, թէ Արցախի նկատմամբ ատրպէյճանական վերջին նախայարձակումը միջազգային հանրութեան կողմէ պէտք է որակուի իբրեւ յարձակողապաշտութիւն՝ այդ եզրոյթին ամբողջ իրաւաքաղաքական գնահատումով, արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման փաստի ճանաչումը այլընտրանք չունի, Ատրպէյճանի մէջ գտնուող բոլոր գերիներու անյապաղ վերադարձը, Հայաստանի տարածքին գտնուող ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերումը, պատերազմին միջազգային ահաբեկչական միաւորումներու մասնակցութեան վերաբերեալ միջազգային իրաւաքաղաքական գործընթացի մեկնարկը, Արցախի հոգեւոր-մշակութային հարուստ ժառանգութեան պաշտպանութիւնը պէտք է միջազգայնանան՝ դառնալով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւն եւ միջազգային քննարկման առարկայ:

«ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների շրջանակում բանակցային գործընթացի վերականգնումը կենսական անհրաժեշտութիւն է։ Այս շրջանակում Ազրպէյճանի հետ ուղիղ երկխօսութեան հերթական անհեռանկար փորձերը կարող են հարուածել բանակցային գործընթացի մեկնարկին՝ միջնորդ համանախագահութեան շրջանակում։ Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Արցախի ճակատագիրը կանխորոշուած չէ, Արցախի ճակատագիրը կախուած չէ (ինչպէս փորձում են ձեզ համոզել) միայն գերտերութիւնների կամքից կամ էլ մէկ պաշտօնեայի քմահաճոյքից, Արցախի եւ, ընդհանրապէս, հայ ժողովրդի ճակատագիրը մեր ձեռքերում է: Բոլորը թող իմանան՝ Արցախը մեր ժառանգութիւնն է, մեր անվտանգութիւնը, մեր անկախութիւնը, մեր ապրելու եւ ապրեցնելու բնական իրաւունքը, Արցախը մեր հողն ու ջուրն է, արիւնը, մեր ինքնութիւնը: Շուշին, Հատրութը եւ Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ ամրագրուած միւս շրջանները միմիայն ժամանակաւորապէս են բռնազաւթուած թշնամու կողմից», եզրափակեց Սաղաթէլեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement