Փաշինեան Դարձեալ Անդրադարձաւ Սահմաններոը Բանալու Կարեւորութեան

By Asbarez | Tuesday, 21 September 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 20 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ սկսաւ «Armenia Business Forum»ը, որուն բացման հանդիսաւոր արարողութեան արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս անդրադարձաւ սահմանները բանալու կարեւորութեան:

Ներկայացնելով այն ուղիները, որոնց միջոցով պէտք է հաստատուի եւ բացուի խաղաղ զարգացման դարաշրջան` Փաշինեան շատ կարեւոր նկատեց շրջանին մէջ փոխադրութեան ուղիներու բացումը:

«Չափազանց կարեւոր եմ համարում տարածաշրջանային կոմունիկացիաների (հաղորդակցութիւններու) բացումը` համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եւ 2021 թուականի Յունուարի 11ի եռակողմ յայտարարութեան: Կարծում եմ, որ այս խնդրի լուծումը շատ կարեւոր է նաեւ մեր քննարկման համատեքստում, որովհետեւ տարածաշրջանային կոմունիկացիաների բացումն, ի վերջոյ, պէտք է հնարաւորութիւն տայ, որ Հայաստանը յաղթահարի շուրջ 30ամեայ շրջափակումը, ինչը նշանակում է էականօրէն փոխել ներդրումային միջավայրը Հայաստանում, եւ Հայաստանի տնտեսական կառուցուածքը փոխել այնպէս, որ երկիրը եւ պետութիւնը դառնան աւելի դիմակայուն եւ մրցունակ», շեշտեց Փաշինեան:

Նիկոլ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ տարածաշրջանային զարգացումներու քաղաքական օրակարգերուն մասին բազմիցս խօսուած է: «Այդ օրակարգի առաջ մղման, սահմանազագծման եւ սահմանազատման, խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերականգնման գործում չափազանց բարձր ենք գնահատում այն աջակցութիւնը, որ ստանում ենք մեր ռազմավարական դաշնակից երկրից` Ռուսաստանի Դաշնութիւնից: Պիտի ընդգծեմ` հասկանում ենք, արձանագրում ենք, որ ՌԴի շահագրգիռ եւ կառուցողական մօտեցումը, ինչպիսին ունի այսօր մեր դաշնակից երկիրը, չափազանց կարեւոր է այս խնդիրների լուծման համար: Մենք միասին հետեւողականօրէն առաջ ենք մղելու այդ օրակարգը«, շեշտեց ան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement