Նալբանդեան. Նախապայմաններ Դնողը Պիտի Կրէ Պատասխանատուութիւնը

By Asbarez | Monday, 21 December 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուրբաթ օր, արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպած է Հայաստան այցելող թրքական լրատուամիջոցների լրագրողներուն:

Ողջունելով թրքական զանգուածային մամուլի ներկայացուցիչները՝ նախարար Նալբանդեան նշած է, որ նման այցելութիւններ հնարաւորութիւն կը ստեղծեն, որ թրքական լրատուական միջոցները եւ անոնց ճամբով Թուրքիոյ հասարակութիւնը անմիջականօրէն տեղեկանալու տարբեր հարցերու շուրջ Հայաստանի մօտեցումներուն եւ դիրքորոշումներուն:

Թուրք լրագրողներու նախարարին ուղղուած հարցումները գլխաւորաբար կը վերաբերէին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման:

Պատասխանելով հարցերուն՝ նախարար Նալբանդեան նշած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը որեւէ այլ խնդրի հետ կապելը անհեռատես է, որովհետեւ <<դա հակառակ է ոչ միայն ձեռք բերուած համաձայնութիւնների տրամաբանութեանը, տառին եւ ոգուն, այլեւ՝ ողջ միջազգային հանրութեան սկզբունքային դիրքորոշմանը>>:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծած է, թէ երկխօսութիւնը սկսած է փոխադարձ այն ըմբռնումով, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է ըլլայ առանց նախապայմաններու, համաձայնութեան մթնոլորտի մէջ, եւ որ այսօր նախապայմաններ առաջ քաշելը կը նշանակէ վերադառնալ այն փակ շրջանակին, ուր երկու կողմերը գտնուած են գործընթացը սկսելէն առաջ:

<<Այն կողմը, որը կը փորձի նախապայմաններ առաջ քաշել, իր վրայ կը վերցնի համապատասխան հետեւանքների ողջ պատասխանատուութիւնը>>, յայտնած է նախարար Նալբանդեան:

comments