Փաշինեան Ատրպէյճանի Յարձակումին Պատասխանատուն Կը Նկատէ Միջազգային Հանրութեան Լռութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 17 November 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 16 Նոյեմբերի երեկոյեան գումարուած Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի արեւելեան սահմանագիծին ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յարձակումը «ուղիղ ագրեսիա (յարձակում) է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ»։ Ան դիտել տուաւ, որ սահմանին վրայ կացութիւնը յարաբերականօրէն հանգիստ է, բայց ընդհանուր իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ լարուած:

Ան նշեց, որ 12 Մայիսին մեկնարկած յարձակողական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ Ատրպէյճան բռնագրաւեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շուրջ 41 քառակուսի քիլոմեթր տարածք: «Միջազգային հանրութեան մեր գործընկերների լռութեան պայմաններում Ադրբեջանը շարունակում  է իր ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) գործողութիւնները: Իմ գնահատականը միանշանակ է` Ադրբեջանը եւ նրան քաջալերող ուժերը թիրախաւորում են մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր պետականութիւնը, մեր անկախութիւնը», նշեց ան՝ դիտել տալով. «Մենք կարող ենք բանակցել, մենք կարող ենք փնտռել եւ գտնել փոխընդունելի լուծումներ, մենք մեզ պահում ենք որպէս միջազգային հանրութեան պատասխանատու անդամ, բայց մենք թոյլ չենք տայ մեզ հետ խօսել ամբարտաւանութեան լեզուով»:

Ան միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ Ատրպէյճանի բռնարարքները դատապարտող յայտարարութիւնները հասցէական դարձնելու: «Սահմանային վէճերի մասին խօսակցութիւններն անհեթեթ են եւ անիմաստ: Չկայ սահմանային վէճ, կայ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ագրեսիա: Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ սահմանները յստակ են դեռ Խորհրդային Միութեան ժամանակներին ընդունած իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող համաձայնութիւններով: Եւ եթէ խնդիրը սահմանային վէճը լինէր, Ադրբեջանը վաղուց պիտի ընդունած լինէր Խորհրդային Հայաստանի եւ Ադրբեջանի սահմանագծի նկատմամբ զօրքերը հայելային հետ քաշելու, սահմանագծի երկայնքով միջազգային դիտորդներ տեղակայելու, սահմանազատման եւ սահմանագծման սկսելու մեր առաջարկը: Այդ առաջարկը չընդունող Ադրբեջանը հանդիսանում է ագրեսոր պետութիւն եւ պէտք է աներկբայօրէն հանի իր զօրքերը ՀՀ ինքնիշխան տարածքից: Սեփական կամքը Հայաստանին պարտադրելու յոյսերը սին են: ՀՀ կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը վճռական են, եւ մենք բոլոր հնարաւոր միջոցներով պաշտպանելու ենք մեր ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, պետականութիւնը եւ անկախութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ մենք շարունակում ենք ընդգծել ստեղծուած իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը եւ նախկինում մեր արած բոլոր առաջարկութիւններն ուժի մէջ են: Մենք հաւատարիմ ենք Նոյեմբերի 9ի եւ Յունուարի 11ի եռակողմ յայտարարութիւնների դրոյթներին», ըսաւ վարչապետը:

Աւելի ուշ, ատրպէյճանական ռազմական յարձակումին լոյսին տակ ստեղծուած սահմանային իրավիճակին մասին Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Վարչապետը տեղեկութիւններ հաղորդեց Ատրպէյճանի զինուժին կողմէ Հայաստանի սահմաններուն եւ տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ ոտնձգութիւններուն մասին եւ ներկայացուց հայկական զինուժին կողմէ ձեռնարկուող գործողութիւնները:

Ըստ նախագահի աշխատակազմին՝ նկատի ունենալով նախագահ Սարգսեանի` նախօրօք ծրագրուած մասնակցութիւնը Սինկափուրի մէջ կայանալիք The Bloomberg New Economy միջազգային հեղինակաւոր համաժողովին, նպատակայարմար նկատուեցաւ, որ Հանրապետութեան նախագահը, օգտագործելով նաեւ միջազգային այդ ազդեցիկ հարթակը, համաժողովի ծիրին մէջ ներկայացնէ Հայաստանի սահմաններուն ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակը, անդրադառնայ Ատրպէյճանի զինուժին կողմէ Հայաստանի սահմաններուն ու տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ ոտնձգութիւններուն։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement