By Asbarez | Saturday, 28 May 2022
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի յայտնեց, թէ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան իրեն ըսած է, որ «որեւէ մէկը չի կարող եւ չի պատրաստւում Հայաստանի ու Արցախի ժողովրդի թիկունքում ինչ-որ փաստաթուղթ ստորագրել, եթէ կը լինի կոնկրետ (յստակ) առաջարկ կոնկրետ լուծումների մասին, ապա այն կը քննարկուի Արցախի իշխանութիւնների հետ, եւ հանրութիւնը դրա մասին տեղեկացուած կը լինի պատշաճ ձեւով»: Այս մասին ան յայտարարեց 25 Մայիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստին:
Այդ նիստը, ինչպէս կը նշէ Արցախի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, գումարուեցաւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններու պահանջով:
«Արցախի իշխանութիւնների եւ ժողովրդի համար խիստ անընդունելի է Եւրոպական խորհրդի նախագահ Շառլ Միշելի յայտարարութեան մէջ տեղ գտած «Ղարաբաղի էթնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը» ապահովելու մասին ձեւակերպումը», ըսաւ Յարութիւնեան:
Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեային այս յայտարարութիւնը «չի արտայայտում արցախահայութեան պահանջներն ու ձգտումները, որոնց հիմքում դրուած է ժողովուրդների ինքնորոշման իրաւունքը»:
Յարութիւնեան շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութիւնը անշեղօրէն կը շարունակէ իր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի լրիւ ու անվերապահ իրականացման միջոցով անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղին, եւ արցախցիներու իրաւունքներու եւ ապահովութեան պատշաճ երաշխաւորումըը հնարաւոր է բացառապէս Ատրպէյճանի կազմէն դուրս։
comments
Յայտարարուած Է Մասնակի Զօրահաւաք. Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կը Հաղորդէ 2 Զոհի Եւ 14 Վիրաւորի Մասին
Երեւան Անթոյլատրելի Կը Նկատէ Լաչինի Վերաբերեալ Պաքուի Յայտարարութիւնը
Մոսկուա Դարձեալ Արձանագրեց Ատրպէյճանի Կողմէ Հրադադարի Խախտման Փաստերը
Հայաստանը Արցախին Կապող Նոր Ճամբու Շինարարութիւնը Պիտի Սկսի Օգոստոսին
Դիմադրութիւն Շարժումը Ունեցաւ Հանրահաւաք Եւ Երթ
Ալիեւ Դարձեալ Պահանջեց Հայաստանի Զօրքերը Դուրս Բերել Ղարաբաղէն
ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան Մուտքը Արգիլուեցաւ
Պիտի Խստացուի Սփիւռքահայերուն Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու Կարգը