By RFE/RL | Monday, 04 January 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.- Դեկտեմբեր 25ին հանդիպելով լրագրողներու հետ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, թէ Սահմանադրական դատարանի նախագահին հետ հանդիպման մը ընթացքին՝ ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան ներկայացուցած է այն փաստարկները, որոնք, Դաշնակցականներուն կարծիքով, հիմք կը հանդիսանան հայ-թրքական արձանագրութիւնները ոչ սահմանադրական ճանչնալու համար:
<<Մենք քննարկում ենք բոլորի հետ նոյն խնդիրը, մենք ներկայացնում ենք մեր մտահոգութիւնները: Մենք պատրաստ ենք ոչ միայն հասարակութեանն ասել, այլ նաեւ իրենց էլ համոզել, որ ճիշդ են մեր մտահոգութիւնները, եւ այդ մտահոգութիւնները շտկելու համար Սահմանադրական դատարանը ունի անելիք, ունի հիմքեր՝ ոչ սահմանադրական ճանաչելու այս արձանագրութիւնները>>, շեշտած է Ռուստամեան:
Նշենք, որ Յունուար 12ին Սահմանադրական դատարանը վճիռ պիտի կայացնէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման եւ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւններու սահմանադրականութեան վերաբերեալ:
Այդ գծով՝ Յունուարի սկիզբը Դաշնակցութիւնը կը պատրաստուի երթեր, ցոյցեր եւ զանգուածային այլ ձեռնարկներ կազմակերպել, որոնք պիտի ուղղուին հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ: Արձագանգելով ընդդիմադիր Հայ ազգային կոնգրէսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեանի յայտարարութեան, ըստ որուն Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ Վահան Յովհաննիսեան, Արմէն Ռուստամեան եւ Հրանտ Մարգարեան գաղտնի հանդիպում ունեցած են Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի հետ, ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչը նշած է, որ նշուած հանդիպման մասնակցած է միայն Վահան Յովհաննիսեան, եւ հանդիպումը գաղտնի չէ եղած:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ