ՀՅԴի Նախաձեռնութեամբ Բազմահազարանոց Հաւաք Եւ Երթ՝ Դէպի ՍԴ

By Asbarez | Monday, 11 January 2010

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ տասնչորս քաղաքական ու հասարակական կազմակերպութեանց, Երկուշաբթի, 9 Յունուարին, տեղի ունեցաւ քաղաքական հաւաք մը, որու մասնակից հազարաւոր հայորդիները սահմանադրական դատարանէն պահանջեցին հակասահմանադրական յայտարարել Հայ-թրքական արձանագրութիւնները:

 

Հաւաքի մասնակիցները ապա ջահերով քալեցին դէպի սահմանադրական Դատարան, ուր, իրենց անունով նամակ-պահանջագիր մը ներկայացուցին դատարանի պաշտօնեաներուն: Սոյն նամակը կը հրատարակենք ամբողջութեամբ (Տես այսօրուան Օրը Օրին սիւնակը):

Հաւաքի ընթացքին խօսք առին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչ Յարութիւն Առաքէլեան եւ <<Նոր Ժամանակներ>> կուսակցութեան ղեկավար Արամ Կարապետեան:

Արմէն Ռուստամեան հաւքի մասնակիցներուն յայտնած է, որ որքան շուտ իշխանութիւնը ըմբռնէ ձախողումներու հետեւանքը, այնքան շուտ կ՛ազատենք հայ ժողովուրդը փորձութիւններէն:

<<Այս գործընթացի մէջ, ինչպէս մենք ասում էինք, թելադրող է Թուրքիան, որովհետեւ պահել է իր բոլոր լծակները ազդելու գործընթացի վրայ, Հայաստանը կորցրել է իր բոլոր հնարաւորութիւնները ազդել այս գործընթացի վրայ>>, յայտնած է Ռուստամեան, նշելով, որ եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը սխալէն ետ կանգնի, ապա ժողովուրդը այդ քայլը կը նկատէ տղամարդկութիւն եւ ըստ այնմ կը գնահատէ:

<<Եւ մեր այսօրուայ ցոյցի եւ հանրահաւաքի բուն նպատակն էլ սա է: Մենք այս հանրահաւաքով եւ ցոյցով եւս մէկ անգամ մեր իշխանութիւններին, Սահմանադրական դատարանի անդամների ուշադրութիւնն ենք բեւեռելու այն հնարաւորութիւնների վրայ, որոնց վրայ յենուելով Սահմանադրական դատարանն արդէն իրաւական վճիռ կարող է կայացնել եւ կասեցնել այս գործընթացը>>, յայտնած է Արմէն Ռուստամեանը: Անոր խօսքով, ՀՅԴ իշխանութեան ցոյց կու տայ գործընթացից դուրս գալու ճանապարհը: Ռուստամեան հարց կու տայ, որ եթէ արձանագրութիւնները նախապայման չունին, եթէ անոնց առարկան Թուրքիոյ սահմանի ճանաչումը չէ, ապա իշխանութիւնը ինչու չի բռներ վերապահումներու ճանապարհը եւ վերացնել ժողովուրդի մտահոգութիւնները:

Արմէն Ռուստամեանը նաեւ նշած է, որ արձանագրութիւններուն վերապահումներ կցելու իրաւունք չունի Հայաստանի խորհրդարանը, որ պէտք է վաւերացնէ <<փրոթոքոլ>>ը:

<<Ամբողջ աշխարհում այդպէս է. այն մարմինը, որն իրաւունք ունի վաւերացնելու, նա էլ իրաւունք ունի վերապահումներ առաջարկելու եւ իրականացնելու: Բայց դժբախտաբար, այսօրուայ օրէնքներով, դա նոյնպէս վերապահուած է նախագահին: Ուրեմն միակ ճանապարհը այստեղ մնում է Սահմանադրական դատարանն այս ձեւով կասեցնի գործընթացը, յետ ուղարկի, որ նախագահը վերապահումներ անելով նորից սկսի այդ ներպետական գործընթացը>>, ըսած Արմէն Ռուստամեանը:

ՀՅԴ ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ եթէ Սահմանադրական դատարանը չանսայ իրենց կոչին եւ արձանագրութիւնները ճանչնայ իբրեւ Սահմանադրութեան համապատասխանող փաստաթուղթ, միակ ճանապարհը կը մնայ Ազգային Ժողովի պատգամաւորները համոզել, որ դէմ քուէարկեն խորհրդարանին մէջ: Այդ նպատակով, Դաշնակցութիւնը նախաձեռնած է ստորագրահաւաքի մը, որուն աշխուժօրէն մասնակցելու կոչ ուղղեց Ռուստամեան:

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, հաւաքուած է արդէն 70 հազար ստորագրութիւն, բայց ատիկա բաւարար չէ:

<<Դժուար չէ ամէն մէկի համար այդ մի չնչին լուման բերել իր երեխաների ապագայի համար: Դա եկէք բերենք ամէն մէկս, այսօրուանից, այս պահից նոր թափ հաղորդենք այդ ստորագրահաւաքին: Եւ ես ձեզ վստահեցնում եմ, սիրելի հայրենակիցնէր, դա մեծ ազդեցութիւն է ունենում: Մեծ ազդեցութիւն է ունենում մեր ցոյցը, մեր հանրահաւաքը, որպէսզի կարողանանք սթափեցնել մեր համապատասխան մարմիններին, որ յետ կանգնեն այդ պրոցեսից (գործընթէն)>>, յայտնած է Արմէն Ռուստամեան:

comments