Թուրքիա 'Իրաւական Պատասխան' Պիտի Տայ Հայաստանին

By Asbarez | Friday, 22 January 2010

ԱՆԳԱՐԱ.- cրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Հինգշաբթի, Յունուար 21ին հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է «իրաւական պատասխան» տալ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերող որոշումին: Այս նպատակով, Անգարա արդէն իսկ կը պատրաստէ իր պատասխանը, որ պիտի ուղարկուի միջնորդ երկիրին՝ Զուիցերիոյ, ինչպէս նաեւ ստորագրութեան արարողութեան մասնակցած երկիրներուն ու Եւրոմիութեան: Ըստ թերթին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն կապուած է Զուիցերիոյ, Մինսկի խումբի եւ Եւրոմիութեան հետ, ու բացայայտած է իր դիրքորոշումը:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց նաեւ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Մուրաթ Մերճան, Հինգշաբթի օր յայտարարած է, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը կը հակասէ արձանագրութիւններու ոգիին։ Մերճան լրագրողներուն յիշեցուցած է, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի յայտնած է, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է յստակացնէ Սահմանադրական դատարանի որոշումը եւ հարկ եղած քաղաքական կամքը ցուցաբերէ։ Մերճան շեշտած է, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը վնասած է գործընթացին։

Ան յայտնած է, որ իր նախագահած յանձնախումբը արձանագրութիւններուն վերաբերեալ որոշում մը պիտի տայ՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւաբանական մասնագէտները իրենց աշխատանքը աւարտելէ ետք։ Մերճան նշած է նաեւ, որ «Իբրեւ Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդի ներկայացուցիչը՝ կ՛ուզեմ նշել, թէ մեր յանձնախումբը, արձանագրութիւնները վաւերացնելու ընթացքին, նկատի պիտի ունենայ ատրպէյճանցի ժողովուրդին զգայնութիւնները։ Մենք զգուշութեամբ կը հետեւինք զարգացումներուն»։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ արձանագրութիւնները Թուրքիոյ խորհրդարանէն պիտի քաշուի՞ն, Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահը յայտնած է, թէ գործնականին մէջ արձանագրութիւնները Թուրքիոյ խորհդրարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին մէջ պահելուն եւ խորհրդարանէն դուրս բերելուն միջեւ տարբերութիւն չկայ։ «Այդ մէկը թրքական կառավարութեան կ՛ինայ։ Կառավարութիւնը որոշում մը պէտք է տայ», ըսած է Մերճան, որ անցեալ շաբաթ յայտարարած էր նաեւ, թէ արձանագրութիւնները օրակարգի պիտի չբերուին մինչեւ այն ատեն, որ Արցախի տագնապը չէ լուծուած:

ԱՐԴԷՆ ՊԻՏԻ ՉՎԱՒԵՐԱՑՈՒԷԻՆ

«Tert.am», վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները՝ կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Տենիզ Պայքալ յայտարարած է, որ եթէ նոյնիսկ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը նման որոշում չկայացնէր, ապա Թուրքիոյ խորհրդարանը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացնէր։

«Արձանագրութիւնները չէին վաւերացուիր, որովհետեւ Հայաստան նպատակ չունի դուրս գալու ատրպեճանական տարածքներէն», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները ձախողած են։

 

comments