Հարաւային Աւստրալիա Նահանգը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 03 February 2021

0203aust

ԷՏԸԼԷՅՏ․- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հարաւային Աւստրալիա նահանգի խորհրդարանը 3 Փետրուարին պաշտօնապէս ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ արցախցիներուն ինքնորոշման իրաւունքը, հանդիսանալով նման քայլի մը դիմած Աւստրալիոյ 2րդ նահանգը։

Յիշեցնենք, որ Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանը նման բանաձեւ մը վաւերացուցած էր անցեալ Հոկտեմբերին, որ նոյնպէս կոչ կ՛ընէր Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութեան, որ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, այդ քայլը Արցախի հակամարտութեան խաղաղ լուծման լաւագոյն տարբերակը նկատելով։

Հարաւային Աւստրալիոյ խորհրդարանին նշեալ բանաձեւը ներկայացուց Թամ Քոսթանթոնիս, որ յայտարարեց, թէ փանթուրքական քաղաքականութիւնը, որ անցեալին առաջնորդած էր Ցեղասպանութեան, այժմ կը հետապնդուի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի կողմէ ու սպառնալիք է Արցախի հայ բնակչութեան:

Խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունուեց բանաձեւը, որուն մէջ նաեւ կը դատապարտուին Արցախի բնիկ հայերուն վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումները:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Գայսէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հարաւային Աւստրալիոյ Հայկական մշակութային միութեան` համայնքային մակարդակով հայութեան շահերը պաշտպանելուն համար՝ աւելցնելով․ «Մենք հպարտ ենք աջակցելու Էտըլէյտի նուիրեալ հայ համայնքին, որուն ջանքերով Հարաւային Աւստրալիոյ խորհդրարանը միացաւ աշխարհի այն օրէնսդիրներուն, որոնք կ՛օժանդակեն Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքի ապահովման»։

Հարաւային Աւստրալիոյ  Հայկական մշակութային միութեան նախագահ Էմիլ Դաւիթեան շեշտեց, թէ այս յաջողութիւնը Աւստրալիոյ ամբողջ հայ համայնքի ջանքերուն արդիւնքն է եւ  շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանականներ Քոսթանթոնիսին եւ Ճէյն Սթինսընին ու բոլոր անոնց, որոնք զօրակցեցան բանաձեւին։

comments

Advertisement