Կոչ Աւստրալահայութեան - Շարժինք Առաջ

By armenia.com.au | Saturday, 24 April 2021



Սիրելի Հայրենակիցներ՝

Հայ ժողովուրդը Մեծ Եղեռնի 106-րդ ամեակը այս տարի կ'ոգեկոչէ չափազանց արտասովոր պայմաններու մէջ:

Եղեռնի յիսնամեակէն ի վեր, սուգի ու վշտի իրավիճակէն ձերբազատուած եւ իր կացութիւնը վերածնունդի եւ պահանջատիրական երթի վերածած հայ ժողովուրդի ենթագիտակցութեան վրայ, այսօր առաջին անգամ ըլլալով իր դրոշմը դրած է պարտուողի հոգեբանութիւն մը,դժբախտաբար:

Իրատեսօրէն հաստատելով այս իրողութիւնը, մենք պէտք է կարենանք վերադասաւորել մեր կարողականութիւնը, մէկդի դնել այս հոգեկան բարդոյթը ու յառաջ շարժիլ, որովհետեւ միջազգային քաղաքական թատերաբեմին վրայ կան նաեւ նպաստաւոր իրավիճակներ, որոնք կրնան դրական նոր հանգրուանի մը սկիզբը դառնալ մեր արդարացի դատին համար:

Ճիշդ է որ մենք, տարիներու անփոյթ վերաբերմունքով անսպասելի պարտութիւն կրեցինք Արցախեան ճակատին վրայ եւ անորոշութիւնը տիրական դարձած է հայրենիքի մէջ, բայց եւ այնպէս սփիւռքի մեր ունեցած կարողականութեամբ այնպիսի տեղ մը հասցուցած ենք մեր արդարացի դատը, որ քաղաքական հզօրագոյն բեւեռներէն մէկը կրնայ հայանպաստ կեցուածքով, նոր մղում տալ մեր դատին:

Եթէ այդ մէկը իրականանայ, կրնայ իրականանալ նաեւ Աւստրալիոյ մէջ մեր տարիներու մաքառումները, ուր նաեւ Աւստրալիոյ կառավարութիւնն ալ մղուի հայանպաստ կեցուածքի որդեգրման:

Մենք պէտք է օգտուինք այս պատեհ առիթներէն:

Մենք պէտք է մեր վրայէն թօթափենք պարտութեան ծանր բեռը եւ լարելով մեր բոլոր ճիգերը, կարենանք Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման համար բախել ամէն դուռ, Արցախի ճանաչման ու սահմաններու վերականգման համար բախել ամէն դուռ ու ձեռնարկել ամէն հնարաւոր միջոց, թեթեւցնելու համար անտանելի այն ահաւոր պայմանները, որ կը տիրեն ազատատենչ Արցախահայութեան կեանքէն ներս:

106 Ամեակի սեմին, անկասկած որ այս մէկը մեզմէ կը պահանջեն մեր սուրբ նահատակները, հետեւաբար պէտք է շարժինք այդ ուղղութեամբ:

Օրհասական այս պահուն Աւստրալահայութեան ազգային բոլոր կառոյցները, կուսակցութիւններ, յարանուանութիւններ, կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, կատարելապէս համախմբուած են եւ գիտակցութեամբ կը մօտենան մեր ազգային շահերուն եւ կատարեալ վճռակամութեամբ պատրաստ են իրենց առաւելագոյնը տալու մեր ազգային գերագոյն նպատակներու իրագործման ի խնդիր:

Այս հաստատակամութեամբ շարժինք առաջ եւ վերարժեւորենք մեր նահատակներու սուրբ յիշատակը:



Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն

comments

Advertisement