Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

By armenia.com.au | Monday, 04 June 2012


Ուրբաթ 1 Յունիս 2012-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորութեամբ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի Ատենապետ Տիար Գրիգոր Սողոմոնեանը: Անոր կ’ընկերակցէին ազգայիններ՝ Աւստրալիայէն եւ Լիբանանէն:


Տիար Սողոմոնեան տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը Աւստրալիոյ մէջ Հայ Դատի մարմնին կատարած աշխատանքներուն ու ձեռք ձգած յաջողութիւններուն մասին: Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս գնահատեց մեր ժողովուրդի ազգային պահանջատիրութեան գծով Աւստրալիոյ մէջ կատարուող աշխատանքները, յիշեցնելով որ ազգային պահանջատիրութիւնը մեր բոլոր գաղութներուն ու ժողովուրդի զաւակներուն համար պէտք է միշտ մնայ համահայկական առաջնահերթութիւն: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց վերջին ամիսներուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման գծով տարուող աշխատանքները:

comments

Advertisement