ՀՕՄ Աւստրալիա Կը Մասնակցի ՄԱԿի Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու 63րդ Խորհրդաժողովին

By armenia.com.au | Monday, 30 August 2010

Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչներ՝ Սուզի Սարաֆեան, Լուսի Բամբալեան, եւ Գարոլին Քըվըրեան պիտի միանան աւելի քան 2000 համաշխարհային ընկերային հասարակութեան ջատագով գործիչներու՝ ՄԱԿի Հանրային Տեղեկութեանց բաժնմունքի Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու տարեկան 63րդ խորհրդաժողովին, <<Բարելաւել համաշխարհային առողջութիւնը. իրագործել հազարամեակի զարգացման Նպատակները>> թեմայով։

Եռօրեայ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Աւստրալիոյ Մէլպուրն քաղաքին համագումարներու եւ ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ, Երկուշաբթի, 30 Օգոստոսէն Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2010։ Անիկա կազմակերպուած է ՄԱԿի հանրային տեղեկութեանց բաժնի վարիչ տնօրինութեան եւ Աւտրալիոյ կառավարութեան կողմէ։

Խորհրդաժողովը կը միտի միջոցառումներ քննարկել, որոնցմով ընկերային հասարակութիւնը, առեւտրական, կրթական, մարդասիրական, լրագրական եւ բժշկական մարզերու մէջ աշխատողներու հետ գործակցաբար կարենայ յառաջացնել այնպիսի պայմաններ, որ կարելի ըլլայ ժողովուրդներու առղջութիւնը համաշխարհային տարողութեամբ բարելաւել։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը զօրավիգ կը կանգնի համաշխարհային առողջութեան ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն, աղքատութեան վերացման միտող ծրագիրներ կիրարկելով, քաջալերելով մարդկային իրաւունքներու տարածումը, եւ նպաստելով տարրական կրթութեան, առողջապահութեան, կիներու իրաւունքներուն ու երեխաներու բարօրութեան։

<<Մեր նպատակն է ցոյց տալ ժողովուրդին, թէ համամարդկային առողջութիւնը միայն հիւանդներու դարմանումին մէջ չի կայանար։ Համաշխարհային առողջութիւնը կարիքը ունի ապրելակերպի մը՝ որ կը նպաստէ առողջութեան՝ խաղաղութիւն հաստատելով, նօսրացնելով աղքատ բազմութիւններու շարքերը, ուսումը տարածելով, սեռերու հաւասարութիւնը իրականացնելով, մարդկային իրաւունքներու ջատագով մնալով, եւ ազատելով մարդկութիւնը վախի ու սարսափի տիրապետութենէն>>, ըսաւ Մակարէթ Չան, Համաշխարհային Առողջութեան Կազմակերպութեան (WHO) ընդհանուր տնօրէնը։

Հիմնուած 1910ին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որուն աւելի քան 15 հազար անդամները կը գործեն 29 տարբեր երկիրներու մէջ, ներառեալ Աւստրալիան՝ իր աւելի քան 300 անդամներով։ Իբրեւ պաշտօնական ճանաչումի տէր ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն, ՀՕՄը անդամ է ՄԱԿի Ընկերային ու տնտեսական խորհուրդին (Economic and Social Council of the United Nations):

<<2010ը կը նշէ ՀՕՄի հարիւրամեակը, որ կը յիշատակուի <<դար մը ամբողջ ծառայութիւն>> լոզունգով>>, ըսաւ Աւստրալիոյ ՀՕՄի ատենապետուհի Սուզի Սարաֆեանը աւելցնելով. <<Մեր երկրորդ հարիւրամեակին, պիտի շարունակենք անշեղօրէն աշխատիլ մեր <<Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար>> լոզունգին սկզբունքով>>:

comments

Advertisement