Աւստրալահայերը Պիտի Բողոքեն Հունգարիոյ Դեսպանատան Առջեւ Մայրաքաղաք Գանպէրայի Մէջ Սաֆարովի Հարցով

By armenia.com.au | Sunday, 09 September 2012

Գանպէրա. Աւստրալահայութեան յարուանական երեք եկեղեցիները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները միանալով կը յայտարարեն թէ կազմակերպած են բողոքի ցոյց մը Ուրբաթ 14 Սեպտեմբերին Գանպէրայի Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ։

2006 թուականին Ազերի հարիւրապետ սպայ Ռամիլ Սաֆարովը ստացաւ ցմահ բանտարկութեան վճիռ Հունգարիոյ դատարանէն, հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին քնացած վիճակի մէջ վայրագօրէն կացինահարելու ոճիրին համար 2004-ին Հունգարիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի յանուն խաղաղութեան գործընկերութեան ծրագրտ մասնակցութեան ընթացքին։

2012 Օգոստոսի աւարտին Հունգարիոյ կառավարութիւնը Սաֆարովը արտայանձնեց Ազրպէյճանի կառավարութեան, ստանալէ ետք անոնց հաւաստիքը թէ Ռամիլ Սաֆարով իր պատիժը պիտի շարունակէ Ազրպէյճանի մէջ, սակայն հազիւ Պաքու հասած, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ներում շնորհելէ ետք հերոսացուց զայն։

Այս հարցով Աւստրալահայութիւնը իր ձայնը լսելի պիտի դարձնէ Հունգարիոյ կառավարութեան, կազմակերպելով բողոքի ցոյց մը, ընդդէմ այս անարդար որոշման, Գանպէրայի Հունգարիոյ դեսպանատան դէմ, Ուրբաթ 14 Սեպտեմբեր 2012-ի կէսօրուան ժամը 12:00-էն 1:00։

Մասնակից ցուցարարներու երթուդարձի համար դասաւորուած են յատուկ փոխադրակառքեր (buses), որոնց մանրամասնութիւնները կը գտնէք ստորեւ հրատարակուած յայտարարութեան մէջ։

comments

Advertisement