Սուրիահայութեան օժանդակութեան ի խնդիր միացեալ մարմին կը կազմուի Սիտնի, Աւստրալիա

By armenia.com.au | Monday, 08 October 2012

Յայտարարութիւն Սուրիահայութեան օժանդակութեան ի խնդիր միացեալ մարմին

Սիտնի – Աւստրալիա. Աւստրալահայ գաղութի երեք Յարանուանական եկեղեցիները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները այսու կը յայտարարեն կազմութինը 'Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմին' Յանձնախումբին (ՍՕՄՄ), որպէս արդիւնք Սեպտեմբեր 2012-ին  կայացած համագումար ժողովին՝ ներկայացուցչական և իրաւասու անդամներու մասնակցուցութեամբ:

Միացեալ Յանձնախումբի կազմը՝
- Հայ Առաքելական Եկեղեցի
- Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
- Հայ Աւետարանական Եկեղեցի
- Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւն
- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
- Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
- Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
- Հայ Օգնութեան Միութիւն

Վերջին քանի մը շաբաթներուն 18-ամսեայ Սուրիոյ ներքին զինուորական իրադարձութիւնները նոր ու վտանգաւոր կացութիւններ ստեղծած  են: Երկրի զինեալ դէպքերու կրակէ օղակին մէջ բռնուած գլխաւոր տուժողը անմեղ բնակչութիւնն է, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայ համայնքը իր բոլոր կառոյցներով:

Սուրիոյ հայ համայնքը ունեցած է երկարատեւ ու կայուն ներկայութիւն ու կը նկատուի հայկական Սփիւռքի ամենակենսունակ ու գլխաւոր կորիզներէն մին:

Շարունակուող աղէտալի բախումներուն որպէս արդիւնք Սուրիահայութիւնը կը գտնուի ծանր կացութեան դիմաց ինչպէս նաեւ արմատախիլ ըլլալու հարցականին տակ, հետեւաբար անմիջականօրէն կարիքը ունի համայն Սփիւռքի նիւթական օժանդակութեան:

Առ այդ, կոչ կ՝ուղղենք Աւստրալահայ գաղութի բոլոր  անհատներուն, կազմակերպութիւններուն որ իրենց ներդրումը բերեն Սուրիահայութեան կարիքներուն և գաղթօճախի պահպանման համա-հայկական ճիգերուն: Մեր բոլորին աջակցութիւնը այս նախաձեռնութեան պիտի ապահովէ Սուրիոյ հայ համայնքի կենսունակութիւնը զգալի կերպով:

ՍՕՄՄ Յանձնախումբ

NOTE: Please make your contributions via secure credit card online by clicking https://anc.org.au/donate

OR


By bank deposit or at any Commonwealth Bank of Australia Branch. Banking details below:
Support of the Armenian Community in Syria
BSB: 062-192
Account: 10315971

comments

Advertisement