Կիրօ Մանոյեան. «Աւստրալիայի Նահանգի Կողմից ԼՂՀ Ճանաչումը Հետեւանք Կ՛ունենայ»

By Asbarez | Thursday, 25 October 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «eMedia.am».- «Սա արդէն երրորդ նահանգն է, որ ճանաչում է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը», «eMedia.am»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայ Դատի ու քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան՝ յիշեցնելով, որ առաջին երկուքը Միացեալ Նահանգներու մէջ են։ Անոր համաձայն, նահանգի ճանաչումը ուղղակիօրէն պետութեան միջազգային ճանաչում չ՛ենթադրեր, բայց եթէ նման ճանաչումներու թիւը բարձրանայ, անիկա անպայման կը նպաստէ պետութիւններու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման։ «Այդպիսով կը ստեղծուի մի մթնոլորտ, որ Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքն ընդունւում է, աշխարհի ժողովրդի պահանջն իրաւականօրէն ճիշդ ու արդար է, հետեւաբար այս ընդհանուր աշխատանքին նպաստ բերող քայլ է այս նահանգի ճանաչումը», յայտնեց ան։

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ ճանաչման իմաստով Հայ Դատի գրասենեակին աշխատանքը մեծ եւ ազդու եղած է, բայց վերջ ի վերջոյ պատգամաւորները տուած են որոշումը։

Ան նաեւ յիշեցուց, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբերին միեւնոյն նահանգի խորհրդարանի անդամներէն մէկը այցելած էր Արցախ։

«Այս աշխատանքները կը շարունակուեն, սա հետեւանք կ՛ունենայ, այսպէս չի մնայ, որ նահանգը ճանաչեց եւ վերջ», նշեց Մանոյեան։

comments

Advertisement